Որոնել

Թուրքիոյ մէջ տեղահանուածներ Թուրքիոյ մէջ տեղահանուածներ  (AFP or licensors)

Ֆրանչիսկոս Պապ երկրաշարժէն տուժածներուն 10000 դեղամիջոցներ ուղարկեց Թուրքիա

Թուրքիոյ մէջ գրեթէ 2 միլիոն տեղահանուածներու պատճառ դարձած երկրաշարժէն յետոյ, Քահանայապետական ողորմնաբաշխը ոչ միայն դեղամիջոցներ ուղարկեց Թուրքիա այլեւ պահածոներ՝ ինչպէս բրինձ, թոն եւ ջերմային շապիկներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Անցեալ 6 փետրուարին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի արձնագրուած ահաւոր երկրաշարժէն ետք, որուն պատճառով մահացան աւելի քան 50000 անձեր, Սուրբ Աթոռի բարեգործական ծառայութիւնը հետեւելով Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, մեծ քանակով դեղամիջոցներ ուղարկեց \Իսթանպուլ, առաջին ուղարկումը, որ տեղի ունեցաւ 27 մարտին կը շարունակուի։ Գրեթէ 10000 հազար դեղամիջոցները ձեռք բերուած են Սուրբ Աթոռի մօտ Թուրքիոյ դեսպանատան առաջարկով, որ լաւապէս տեղեակ է երկրի ներկայ իրավիճակի մասին։

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ՝ ուր երկրաշարժի հետեւանքով կը տիրէ ծանր կացութիւն արդեն հասած են տնտեսական օգնութիւններ ու բաշխուած Պապական նուիրակի միջոցաւ։

Դեղամիջոցներ
Դեղամիջոցներ

Նոր օգնութիւններ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժէն թիրախ ժողովուրդին

Քահանայապետական ողորմնաբաշխ,Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի «Վատիկան Նիուզ«ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ Թուրքիա ուղարկուած դեղամիջոցներու փոխադրութիւնը տեղի ունեցած է Թրքական օդանաւային ընկերութիւններուն միջոցաւ, շնորհիւ կամաւորներու օգնութեան։

Թուրքիոյ մէջ գրեթէ 2 միլիոն տեղահանուածներու պատճառ դարձած երկրաշարժէն յետոյ, Քահանայապետական ողորմնաբաշխը ձեռնարկած է ոչ միայն դեղամիջոցներ ուղարկել այլեւ առաջին հերթին ուղարկած է պահածոներ ինչպէս բրինձ, թոն, ջերմային շապիկներ, ինչպէս նաեւ այլ նիւթեր, որոնք կարող են դիմանալ ցուրտին դէմ։

Յայտնենք, թէ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան վերատեսուչը նաեւ երկրաշարժէն ետք այցելեց Թուրքիա փոխանցելով երկրաշարժէն տուժածներուն Ֆրանչիսկոս Պապին սէրն ու զօրակցութիւնը։

Իտալական եկեղեցին նաեւ կազմակերպած էր դրամահաւաք՝ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ համար։ Անցեալ կիրակի օր Իտալական բոլոր եկեղեցիներու մէջ հաւաքուած են յատկացուելիք նուիրատւութիւններ, Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին ցուցմունքներու շնորհիւ, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներու համար, որպէս զօրակցութեան շօշափելի նշան։

Թուրքիա ուղարկուելիք դեղամիջոցներ
Թուրքիա ուղարկուելիք դեղամիջոցներ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 13:33