Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝օրհնէ զանգակը Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝օրհնէ զանգակը  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայնը» անուան զանգակը

Չծնածներու ձայն»անուան զանգակները արդեն կը ղողանջեն Լեհաստանի, Ուքրանիոյ եւ էքուատորի մէջ ու շատ մը երկիրներ հետաքրքրուած են այդ նախաձեռնութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 22 մարտին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ օրհնեց «Չծնածներու ձայն» անուան զանգակը նուիրուած «Այո՛ կեանքին» հիմնադրամի կողմէ հարաւային Ափրիկէի մէջ գտնուող Զամպիա երկրին։

Սոյն զանգակը պիտի փոխադրուի Լուսաքա քաղաքի Յիսուս Մանուկ տաճարը եւ այդտեղէն պիտի փոխադրուի Ափրիկէի շատ մը քաղաքներ։

Զանգակի օրհնութեան, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ դահլիճին ետեւի մուտքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լուսաքա թեմի արքեպիսկոպոս Ալիք Պանտա եւ Bogdan Romaniuk հիմնադրամի փոխ նախագահը։

Յայտնենք թէ «Չծնածներու ձայն»անուան զանգակները կը ղողանջեն արդեն Լեհաստանի, Ուքրանիոյ եւ էքուատորի մէջ ու շատ մը երկիրներ հետաքրքրուած են այդ նախաձեռնութեամբ։

Այսօր՝ Չորեքշաբթի, 22 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Լեհերուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադառնալով «Չծնածներու ձայն» անուան զանգակի ծրագիրին նշեց, որ այս շաբաթ կը յիշատակուի Տիրոջ աւետման տօնը, որ Լեհաստանի մէջ նաեւ կեանքի սրբութեան օրն է։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ մարդկային կեանքը փրկելու կարեւորութեան իբրեւ նշան՝ բեղմնաւորումէն մինչեւ մահ, «Այո՛ կեանքին» հիմնադրամը դէպի Զամպիա կ՝ուղարկէ « Չծնածներու ձայն»անուան զանգակը զոր, այսօր առտու օրհնեցի։Թող անոր ձայնը կրէ այն ուղերձը, որ ամէն կեանք սուրբ է եւ ամէն կեանք անձեռնմխելի է»։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2023, 13:09