Որոնել

Յիսուս խաչին վրայ Յիսուս խաչին վրայ  (Carlos Moioli)

Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ «24 ժամ Տիրոջ համար» աղօթքի ձեռնարկը Սանթա Մարիա Տէլլէ Կրացիէ եկեղեցւոյ մէջ։

«24 ժամ Տիրոջ համար» աղօթքի ձեռնարկի առիթով աշխարհի բոլոր թեմերէն ներս եկեղեցիներու դռները բաց կը մնան, հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն հնարաւորութիւն շնորհելու համար աղօթելու կամ խոստովանանքի խորհուրդին մասնակցելու։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մօտ օրէն պիտի կատարուի «24 ժամ Տիրոջ համար» պահքի շրջանի աղօթքի եւ ապաշխարութեան ձեռնարկը, խնդրուած Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ։

Աղօթքի ձեռնարկը տեղի կ՝ունենայ աշխարհի բոլոր թեմերէն ներս, Քառասնորդացի 4-րդ կիրակիի նախօրէին, ուրբաթ 17էն մինչեւ շաբաթ 18 մարտ։

Ի պատրաստութիւն Զատկուայ տօնին, եկեղեցիներու դռները ամբողջ օր բաց կը մնան հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն առջեւ, հնարաւորութիւն շնորհելու համար՝ աղօթելու կամ խոստովանանքի խորհուրդին մասնակցելու։

Սուրբ Աթոռի Աւետարանումի վերատեսչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, այս տարի, Ֆրանչիսկոս Պապ «24 ժամ Տիրոջ համար» ձեռնարկը պիտի գլխաւորէ, Հռոմի Թրիոնֆալէ շրջանին մէջ գտնուող «Սանթա Մարիա տէլլէ Կրացիէ» եկեղեցիէն ներս, որուն ընթացքին հաւատացեալները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու խոստովանանքի խորհուրդին։

Ի պատրաստութիւն «24 ժամ Տիրոջ համար» աղօթքի ձեռնարկին, լոյս տեսաւ փոքրիկ գրկոյք մը, որուն մէջ պարունակուած են անձնական աղօթքներ եւ առաջարկներ։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2023, 11:33