Ֆրանչիսկոս Պապ. «Երուսաղեմը համայն մարդկութեան ժառանգութիւնն է»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 9 մարտին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան եւ Պաղեստինեան միջ կրօնական երկխօսութեան յանձնաժողովի միջեւ երկխօսութեան համար համատեղ աշխատանքին զրոյցի մասնակիցները։
Պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ կեանք տալուն համար երկխօսութեան համատեղ աշխատանքի խումբին այս զրոյցին, ապա անդրադարձաւ հանդիպումի նիւթին, որ է Երուսաղեմին հոգեւորական իմաստը, ըլլալով Հրեաներուն, Քրիստոնեաներուն եւ Իսլամներուն Սուրբ Քաղաքը։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց 2019 թուականին, Մարոքի թագաւորին հետ միասին յայտարարած կոչը, Երուսաղեմը նկատելու «որպէս համայն մարդկութեան ժառանգութիւն, յատկապէս երեք միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ որպէս վայր հանդիպումի եւ խաղաղ համակեցութեան խորհրդանիշ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելէ ետք, որ Երուսաղեմը Յիսուսի ապրած սուրբ քաղաքն է, յարեց թէ Երուսաղեմ նաեւ ունի տիեզերական արժէք, որ պարունակուած իր անուան իմաստին մէջ «Խաղաղութեան քաղաք»։
Այս կապակցութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Յիսուսը, որ իր խաչելութեան վերջին օրերէն առաջ, Երուսաղեմ երթալու ժամանակ տեսնելով քաղաքը լացաւ ըսելով. «Եթէ գիտնայիր դուն, գոնէ այսօր, թէ որն է քու խաղաղութիւնդ». (Ղուկ 19, 41-42)։
«Այս աւետարանական դրուագը կը յիշեցնէ կարեկցութեան արժէքը. Աստուծոյ Երուսաղեմ քաղաքին համար կարեկցութիւնը, որ պէտք է դառնայ մեր գթութիւնը, աւելի զօրաւոր որեւէ գաղափարախօսութիւնէն աւելի ուժեղ որեւէ դիրքորոշումէ ու աւելի մեծ պէտք է ըլլայ սէրը Սուրբ Երկրի նկատմամբ, ինչպէս մօր մը, որ արժանի է բոլորին յարգանքին եւ պաշտամունքի», ըսաւ Սրբազան Հայրը
Ան ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար քաջալերելով շարունակել միջ կրօնական երկխօսութեան աշխատանքը ու հայցելով, որ Աստուած ուղեկցի ու պտղաբեր դարձնէ սոյն աշխատանքները
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ