Որոնել

Յունաստանի մէջ գնացքներու արկածը Յունաստանի մէջ գնացքներու արկածը 

Ֆրանչիսկոս Պապին խոր տխրութիւնը Յունաստանի մէջ գնացքներու ծանր արկածին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին անունով Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ցաւակցական գիր ուղարկեց Յունաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 1 մարտին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Յունաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, գերապայծառ Փեթրոս Սթէֆանուի, Յունաստանի մէջ գնացքներու ծանր արկածի կապակցութեամբ, որուն պատճառաւ արձանագրուած են տասնեակ զոհեր ու վիրաւորներ։

Ցաւակցական գիրին մէջ կարդինալ Փարոլին նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Լարիսայի մօտ տեղի ունեցած գնացքներու ծանր արկածի պատճառով արձանագրուած զոհուածներու ու վիրաւորներուն լուրը ։
Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքը կ՝ապահովէ արկածէն տուժած անձերուն, զոհերուն հոգիները յանձնելովԱմենակալ ողորմած Աստուծոյ ու իր ցաւակցութիւնը յայտնելով իրենց սիրելիներուն կորուստին համար ողբացող անձերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս զօրակցութեան նշան իր առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ վիրաւորներուն ու շտապ օգնութեան հասնող բոլոր անձերուն», գրած է կարդինալ Փարոլին ցաւակցական գիրին մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2023, 13:49