Ճեմելլիի մէջ Քահանայապետը այցելեց մանկական ուռուցքաբանութեան մասնաճիւղի երեխաները և մկրտեց նորածին մը
Ռոպէր Աթթրաեան - Վատիկան
«Անունը ի՞նչ է»։ «Միկել Աճել»։ Միկել Անճել ես քեզ կը մկրտեմ յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ։ Նախ քան վաղը առաւօտուն Ճեմելլիէն հեռանալը Ֆրանչիսկոս Պապը, որ չորեքշաբթի օրուընէ ի վեր կը գտնուի Հռոմի հռչակաւոր այս հիւանդանոցին մէջ ցնցղատապի դարմանումին համար, ուրբաթ 31 Մարտի յետմիջօրէին ուզեց այցելութիւն տալ հիւանդանոցի մանկական ուռուցքաբանութեան մասնաճիւղին մէջ խնամուած մանուկներուն անոնց նուիրելով վարդարաններ, կոլոհատէ հաւկիթներ եւ «Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթղեհէմի մէջ....» գիրգէն օրինակներ։ Ան ապա սուրբ մկրտութեան խորհուրդը մատակարարեց Միկել Անճել անունով նորածինի մը»։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիին` ուրբաթ յետմիջօրէին հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։
Ապրիլ մէկին Քահանայապետը դուրս կու գայ հիւանդանոցէն
Նոյնինքն Պրունին առաւօտեան հրատարակած էր այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը վաղը` շաբաթ մէկ ապրիլին պիտի լքէ հիւանդանոցը եւ պիտի վերադառնայ Վատիկան», ուր ապա կիրակի օր` պիտի նախագահէ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախատեսուած Ծաղկազարդի արարողութեան ու պատարագին զոր պիտի մատուցէ Վսեմաշուք Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին։
Հիւանդանոցի մէջ մկրտեալ նորածին մանուկին հետ զրուցելով Քահանայապետը ըսաւ. «Արդեն քրիստոնեայ է։ Երբ ժողովրդապետութիւն երթաս ըսէ` որ Քահանայապետը զինք մկրտեց»։
Գնահատանք հիւանդանոցի մէջ աշխատողներուն
Սրբազան Պապը ապա դիմելով Մանկական ուռուցքաբանութեան և մանկական նեարդավիրաբուժութեան մասնաճիւղի աշխատակազմին, երախտագիտութիւն արտայայտեց անոնց նուիրական աշխատանքին համար ի նպաստ ֆիզիկական հոգեհիւանդութիւններու ու վիշտերու թեթևացումին, եւ որ կոչուած են ամէն օր վկաները ըլլալու Քրիստոսի խաչին։
Կէս ժամ տեւած այցելութենէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը վերադարձաւ իր յարկաբաժինը։
Նորին Սրբութեան հետևող բժշկական խումբը, գնահատելով այսօր կատարուած քննութիւններու արդիւնքները և բարենպաստ հիւանդանոցային ընթացքը, հաստատեց Սրբազան Պապին հիւանդանոցէն վաղուայ մեկնումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ