Որոնել

ITALY-VATICAN-RELIGION-POPE-HEALTH

Քահանայապետը կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ «շնչառական վարակ»ի բերումով

Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։ Հարկաւոր են մի քանի օրուայ բժշկական խնամք

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այսօր` 29 Մարտ 2023ին կէսօրէն ետքը, Ֆրանչիսկոս Պապը Ճեմելլի հիւանդանոց փոխադրուեցաւ «նախօրօք ծրագրուած որոշ բժշկական քննութիւններ» կատարելու։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին։

Աւելի ուշ Պրունին նշեց, որ «Ֆրանչիսկոս Պապը անցեալ օրերուն շնչառութեան դժուարութիւններ ունեցած էր եւ այսօր կէսօրէն ետքը փոխադրուեցաւ Ճեմելլի հիւանդանոց բժշկական քննութիւններու համար։ Քննութիւններուն արդիւնքները ի յայտ դրին շնչառական վարակ (բացառելով Քովիտ19 վարակը), որ կը կարօտի հիւանդանոցային մի քանի օրերու խնամքի»։

Պրունին աւելցուց, որ «Ֆրանչիսկոս Պապը զգացուած է այս առթիւ իրեն ուղղուած բազմաթիւ պատգամներուն համար եւ իր երախտագիտութիւնը կ՜արտայայտէ մօտիկութեան եւ աղօթքներուն համար։

Վերջին թարմացումը` 29 Մարտ 2023 - ժամը 20,30

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/03/2023, 16:40