Խոստովանանքը մարդկային դատարան մը չէ այլ աստուածային մխիթարիչ ողջագուրում . Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Քրիստոսը գտնելու համար հրաժարիլ բոլոր այն բաներէն, որոնք հիմնարար չեն կեանքին մէջ, որոնք, ըստ այդմ, աղբ են: Կորսնցնել նիւթականը՝ յանուն կրօնական հարստութեան:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ Պօղոս Առաքեալի Աւետարանէն քաղուած առաջին ընթերցումին յղում կատարելով սկսաւ իր քարոզը Հռոմի «Santa Maria delle Grazie» եկեղեցւոյ մէջ, ուր 17 Մարտին նախագահեց ապաշխարութեան արարողութեան:
Քարոզին մէջ Քահանայապետը անդրադարձաւ ապա Յիսուսի ուսուցումին՝ քաղուած Ղուկաս Առաքեալի Աւետարանէն (հմմտ. Ղուկաս 18:9-14), ուր կը պատմուի երկու այրերու մասին՝ մէկը փարիսեցի և միւսը մաքսաւոր, որոնք տաճար կ’երթան աղօթելու: «Փարիսեցին կայնած կ’աղօթէր» (11), «Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայնած էր, ու չէր ուզեր աչքը անգամ բարձրացնել երկինք» (13)։
Փարիսեցիի եւ մաքսաւորի կեցուածքը եկեղեցւոյ մէջ
Փարիսեցին կանգնած է. ինքնավստահ, ուղղամիտ և յաղթական կերպով և կարծես կը հիանայ իր հմտութեամբ: Այդ կեցուածքով ան կ’աղօթէ առ Աստուած, բայց իրականութեան մէջ ինքզինք կը գովէ: Աստուծոյ առջեւ բացուելու փոխարէն՝ ան կը քօղարկէ իր թուլութիւնները, չի սպասեր Տիրոջ փրկութիւնը` որպէս պարգեւ, այլ զայն կ’ակնկալէ որպէս վարձատրութիւն իր արժանիքներուն համար», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
«Իսկ մաքսաւորը քօղարկուած եւ հեռու կը մնայ եւ այդ հեռաւորութիւնը կ’արտայայտէ Աստուծոյ սրբութեան նկատմամբ անոր մեղաւոր ըլլալը, ինչը թոյլ կու տայ անոր զգալ Հօր օրհնութիւնն ու ողորմածութիւնը: Այդ հեռաւորութեամբ մարդը տեղ բացած է Աստուծոյ համար». յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ «այդ նոյնը արդիական է նաեւ ներընտանեկան, հասարակական եւ նոյնիսկ եկեղեցական յարաբերութիւններու համար. իսկական երկխօսութիւնն այն է, երբ գիտենք, թէ ինչպէս պահպանել տարածութիւն մեր և միւսներու միջև, այն առողջ տարածութիւնը, որ թոյլ կու տայ բոլորին շնչել առանց ոչնչանալու: Եւ այդ երկխօսութիւնը, այդ հանդիպումը կարող է կրճատել տարածութիւնն ու մօտիկութիւն ստեղծել, ինչպէս մաքսաւորը, որ իր կեցուածքով Աստուծոյ թոյլ տուաւ մօտենալ իրեն»։
Միայն անոնք որոնք հոգիով աղքատ են կը գտնեն ամէն ինչ
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շարունակելով քարոզը նկատել տուաւ, որ անոնք, որոնք չափազանց հարուստ կզգան իրենք զիրենք և կ’ենթադրեն, որ կրօնական «հմտութեամբ» աւելի լաւ են քան միւսները, չեն կարող տեղ յատկացնել Աստուծոյ, քանի որ Աստուծոյ տեղը զբաղուած է իրենց «ես»-ով:
«Միայն անոնք, որոնք աղքատ են հոգիով, որոնք կարիքը ունին փրկութեան և որոնք շնորհք կը հայցեն, Աստուծոյ կը ներկայանան առանց արժանիքներ դրսևորելու, առանց յաւակնութիւններու, առանց ոչինչ ունենալու, կը գտնեն ամէն ինչ, քանի որ կը գտնեն Տէրը», նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը:
Ներում հայցենք խոստովանանքի միջոցաւ
«Աստուած մեզ կը սպասէ ճիշտ այնտեղ` խորը, մեզ կը սպասէ երբ հեզութեամբ անոր կը դիմենք ներում հայցելու համար խոստովանանքի խորհուրդին մէջ, ինչպէս որ պիտի ընենք այսօր» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հրաւիրելով խղճի քննութիւն մը կատարել, որովհետեւ «փարիսեցին ու մաքսաւորը» երկուքն ալ մեր մէջ կը բնակին։ Չի թաքնուինք տեսանելիութեան կեղծաւորութեան ետին, այլ վստահութեամբ մենք մեզ յանձնենք աստուածային ողորմութեան։ Մտաբերենք մեր սխալները, մեր թշուառութիւնները, ու նոյնիսկ անոնք որոնցմէ կամչնանք....եւ մաքսաւորի նման հեռուն կայնած գիտակից դառնանք այն տարածութեան որ կայ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ մեր մեղքերուն պատճառաւ։ Այդ պահուն Տէրը մեզի մօտիկ պիտի դառնայ ու մեզ դարձեալ ոտքի պիտի կանգնեցնէ։
Խոստովանանքի խորհուրդը կը բուժէ սիրտը ու ներքին խաղաղութիւն կը պարգեւէ
«Խոստովանանքի խորհուրդը տօնակատարութեան պահ մըն է որ կը բուժէ սիրտը ու ներքին խաղաղութիւն կը պարգեւէ. Անիկա մարդկային դատարան մը չէ որմէ պէտք է վախ ունենալ այլ աստուածային ողջագուրում մը որով կը մխիթարուին» հաստատեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Անառակ Որդիի առակին ու Հօր ողորմած ողջագուրումին եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր ուղղեց բոլոր խոստովանահայրերուն «ներելու ամէն ինչ», ներելու միշտ», նման Յիսուսին։ Խոստովանանքի խորհուրդը տանջանքի վայր մը չէ այլ եղած է անդորրութիւն շնորհելու համար։ Ներեցէք ամէն բան նման Աստուծոյ որ ձեզի կը ներէ ամէն բան» շեշտեց Քահանայապետը։
Մաքսաւորի նման շշնջալ. «Աստուա՛ծ, ներէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս»
Ան ապա իր քարոզը աւարտեց՝ հրաւիրելով Քառասնորդացի այս շրջանին մաքսաւորի նման շշնջալ. «Աստուա՛ծ, ներէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս» (13): Երբ կը մոռնամ կամ կ’անտեսեմ Քեզ, երբ իմ և աշխարհի խօսքերը կը դնեմ Քու Խօսքէն առաջ, երբ կը կարծեմ, թէ արդար եմ և կ’արհամարհեմ ուրիշները, երբ կը բամբասեմ ուրիշներու մասին, Աստուա՛ծ, ներէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս: ... Իմ կեղծիքներու, իմ անազնւութեան, իմ թափանցիկ և օրինական չըլլալու համար, Աստուա՛ծ, ներէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս: Իմ թաքնուած մեղքերուս համար, այն չարի համար, որ ըրած եմ ուրիշներուն նոյնիսկ առանց գիտակցելու, այն լաւի համար, որ կարող էի ընել և չ’ըրի, Աստուա՛ծ, ներէ՛ ինծի՝ մեղաւորիս»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ