«Ոչ բռնութեան, ոչ պատերազմին, ոչ զէնքերուն» Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը խաղաղութեան մշակոյթի խթանումի ի նպաստ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ապրիլ ամսուայ Քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը, զոր ամէն ամսուայ սկիզբը կը հրատարակուի «Քահանայապետի Աղօթքի միջազգային Ցանցին» կողմէ եւ կը պարունակէ Քահանայապետին այդ ամսուայ յատկացուած աղօթքի դիտաւորութիւնը, կոչ մըն է կառուցելու խաղաղութեան մշակոյթը, որ պէտք է անցնի «միշտ աւելի նուազ զէնքերու օգտագործումէն», որովհետեւ մնայուն խաղաղութիւնը «կարելի է միայն առանց զէնքի»։
Ոչ բռնութիւնը` կեանքի ուղեցոյց
Սրբազան Պապին հրաւէրն է առ այդ «ոչ բռնութիւնը» համարել մեր կեանքին ուղեցոյցը։
Յառաջիկայ 11 ապրիլին կը յիշատակուի երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին «Խաղաղութիւն երկրի վրայ» շրջաբերականի հրատարակութեան վաթսուն ամեակը, որուն ենթատիտղոսն է «Խաղաղութիւն բոլոր մարդոց միջեւ, հիմնուած ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ եւ ազատութեան վրայ», եւ ճիշտ այդ շրջաբերականէն մեկնելով է` որ Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս կը շեշտէ, թէ «պատերազմը խելագարութիւն է, անիկայ բանականութենէն դուրս է»։
«Իւրաքանչիւր պատերազմ, իւրաքանչիւր զինեալ հակամարտութիւն, բոլորիս համար պարտութիւն է» կը հաստատէ Նորին Սրբութիւնը։
Մարդասպանութիւններու 44 տոկոսը տեղի կ՜ունենայ զէնքի գործածութեամբ
Արդարեւ «Amnesty International»-ի զէնքի կիրառման տուեալներու և վիճակագրութեան վերաբերեալ հրատարակած յօդուածի մը մէջ ի յայտ կու գայ, որ 2012- 2016 տարիներուն աշխարհի մէջ ամէն օր զէնքի գործածութեան պատճառաւ կը մահացան աւելի քան 500 անձեր, իսկ 2000էն աւելին վիրաւորուեցան։ Ապա կը բացայայտուի թէ մարդասպանութիւններու 44 տոկոսը աշխարհի մէջ տեղի կ՛ունենայ զէնքի գործածութեան միջոցաւ։
Այս իրավիճակը անմիջականօրէն կապուած է սպառազինութեան արդիւնաբերութեան հետ։ Ամէն տարի կ՛արտադրուին 8 միլիոն հրետանային զէնք և 15 միլիառ փամփուշտ եւ ըստ «Action on Armed Violence (AOAV)» կազմակերպութեան, 2023 տարուան հեռանկարները յուսադրող չեն, տրուած ըլլալով, որ աշխարհի մէջ ի յայտ եկած են ու կը շարունակեն ի յայտ գալ նոր հակամարտութիւններ։
Երկխօսութեան ուղիներ
Այս «մագլցումը» կասեցնելու միակ հնարաւոր ճանապարհը` իրական երկխօսութեան ուղիներու դիմելու փորձն է թէ՛ տեղական, թէ՛ միջազգային մակարդակով, և մեր գործողութիւններուն ուղեցոյցը «ոչ բռնութիւնը» դարձնելն է:
Այս պատմական պահի ընթացքին որ բնորոշուած է Ուքրանիայի հակամարտութեամբ, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ներգրաւեց մեծ թիւով երկիրներ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ, որ նոյնիսկ ինքնապաշտպանութեան դէպքին վերջնական նպատակը միշտ պէտք է ըլլայ խաղաղութիւնը, նոյնիսկ երբ այս խաղաղութիւնը, ինչպէս այսօր, հեռու կը թուայ: Ան հուսկ կը հաստատէ որ «երկարատև խաղաղութիւնը` կարող է ձեռք բերել միայն առանց զէնքի»։
Քահանայապետին աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը
«Ապրիլ, խօսիլ և գործել առանց բռնութեան չի նշանակեր յանձնուիլ, ոչ ալ կորսնցնել եւ ոչ ալ հրաժարիլ որևէ բանէ: Անիկայ ձգտիլ է ամէն բանի։
Ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ը ըսած էր 60 տարիներ առաջ «Pacem in terris»-ին մէջ, պատերազմը խելագարութիւն է, ան խելամտութիւնէն դուրս է» կ՛ըսէ Ֆրանչիսկոս Պապը ապրիլ ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան իր լսատեսողական պատգամին մէջ:
«Իւրաքանչիւր պատերազմ, իւրաքանչիւր զինուած առճակատում միշտ կ՛աւարտի բոլորի պարտութեամբ» կ՛աւելցնէ Ան ու կը հրաւիրէ. «Եկէք խաղաղութեան մշակոյթ մը զարգացնենք»:
«Յիշենք, որ նոյնիսկ օրինական պաշտպանութեան պարագային նպատակը խաղաղութիւնն է։ Եւ յիշենք թէ տեւական խաղաղութիւնը` կարելի է միայն առանց զէնքի» կ՛աւելցնէ Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղելով «Անբռնութիւնը դարձնելու մեր գործողութիւններու ուղեցոյց` ըլլայ առօրեայ կեանքին, ըլլայ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ»։
Ան ապա կը հրաւիրէ աղօթել «ոչ բռնութեան մշակոյթի աւելի մեծ տարածումին համար, որ կ՛ անցնի զէնքի աւելի նուազ օգտագործումի ընդմէջէն, ըլլայ պետութիւններու ըլլայ քաղաքացիներու կողմէ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ