Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը կը ձեռնուի զոյգի մը հետ Ֆրանչիսկոս Պապը կը ձեռնուի զոյգի մը հետ 

Աշխարհը աւելի լաւ պիտի ըլլայ եթէ այր մարդոց ու կանանց միջև հաւասարարութիւն ըլլայ բազմազանութեան մէջ. Ֆրանչիսկոս Պապ

«Ցաւօք` այսօր տակաւին աշխարհի մէջ 130 միլիոն աղջիկներ դպրոց չեն յաճախեր։ Չկայ ազատութիւն, արդարութիւն համապարփակ զարգացում, ժողովրդավարութիւն ու խաղաղութիւն առանց կրթութեան» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լոյս տեսաւ «Աւելի շատ իգական առաջնորդութիւն` յանուն աւելի լաւ աշխարհի. հոգատարութիւնը մեր հասարակաց տան համար որպէս շարժիչ ուժ» խորագիրով հատորը, որուն յառաջաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը եւ որ խմբագրած է Աննա Մարիա Թարանթոլայի կողմէ ու հրատարակուած «Vita e Pensiero» հրատարակչատան ջանքերով։

Հատորը արդիւնքն է «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնադրամի և «Strategic Alliance of Catholic Research Universities» Կաթողիկէ​​ համալսարանական ցանցի կողմէ համատեղ խրախուսուող հետազօտութեան, որուն ներկայացումը նախատեսուած է յառաջիկայ 10 Մարտին, ժամը 14.30-ին, Հռոմի «Istituto Maria Santissima Bambina» կեդրոնին մէջ։

Արժեւորել կիները

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը նշէ թէ «այս հատորը կը խօսի կիներու մասին, անոնց տաղանդի, եւ ունակութիւններու ու կարողութիւններու մասին ու նաեւ անհաւասարութիւններու, բռնութիւններու ու նախապաշարումներու մասին, որոնք տակաւին կը յատկանշեն կանանց աշխարհը»։ Ան ապա կը հաստատէ, թէ «կիներու աշխարհին հայող հարցերը իր սրտին կը խօսին» ակնարկելով իր բազմաթիւ ելոյթներուն, որոնց ընթացքին ընդգծած է «կիները արժեւորելու» հարկաւորութիւնը։

Կինը ներդաշնակութիւն կը բերէ

«Մարդն ու կինը հաւսար են...միայն թէ այր մարդը ներդաշնակութիւն չի բերեր իսկ կինը ներդաշնակութիւն կը մատուցէ եւ կը սորվեցնէ շոյել, սիրել քնքշութեամբ եւ աշխարհը կը դարձնէ այսքան գեղեցիկ», կը նշէ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ «մենք մեծ կարիք ունինք ներդաշնակութեան, պայքարելու համար անարդարութիւններու, մարդիկն ու բնութիւնը կործանող կոյր ժլատութեան, անարդար եւ անընդունելի պատերազմին դէմ»

Մատնանշելով ապա հետազօտական աշխատանքին Սրբազան Քահանայապետը դիտել կու տայ, թէ ան ի յայտ կը դնէ դժուարութիւնները, որոնց տակաւին այսօր կը հանդիպին կիները աշխատանքային մարզէն ներս ու միեւնոյն ատեն նաեւ առաւելութիւնները որոնք կապուած են կիներու ներկայութեան ու անոնց արժեւորումին` տնտեսութեան, քաղաքականութեան եւ ընկերային կեանքէն ներս։

Եկեղեցին եւս կարող է օգուտ քաղել կիներու արժեւորումէն

«Եկեղեցին եւս կարող է օգուտ ունենալ կիներու արժեւորումէն» կը շեշտէ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով որ «կարելի չէ ձգտիլ աւելի լաւ աշխարհի, աւելի արդար եւ ներառնող աշխարհի, ու նաեւ համապարփակ կայուն աշխարհի մը` առանց կիներու ներդրումին» եւ ասկէ մեկնելով հրաւէր կ՛ուղղէ աշխատելու միասին, որպէսզի «հաւասար հնարաւորութիւններ ընծայուին կիներուն ու այր մարդոց համար»։

Կիներուն հոգատարութիւնը եւ անոնց ապագայի ուղղուած հայեացքը

Նորին Սրբութիւնը հուսկ դիտել կու տայ թէ «կիները աւելի ուշադիր են բնութեան պահպանումին հարցին», «անոնց հայեացքը ուղղուած է ապագային»։ «Անոնք գիտեն ծննդաբերել ցաւի մէջ, մեծ ուրախութեան մը հասնելու համար, այն է կեանք պարգեւել ու բանալ նոր ու լայն հորիզոններ»։ «Ասոր համար կիները խաղաղութիւն կը պահանջեն, մշտապէս» կը գրէ Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ ընկերութեան մէջ տակաւին գոյութիւն ունեցող բացերուն, կիներու դէմ գործադրուած բռնութիւններուն ու անոնց կրած անարդարութիւններուն։

«Խաղաղութիւնը կը ծնի կիներէն, ան կը ծագի եւ կը վերակենդանանայ մայրերու քնքշութեան շնորհիւ» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով այր մարդու ու կնոջ միջեւ հաւասարարութեան անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է ըլլայ «հաւասարութիւն` տարբերութեան մէջ»։

Կրթութիւնը հիմնական ճանապարհ

Նորին Սրբութեան վերջին գաղափարը ուղղուած է կրթութեան, որ կը գրէ Ան, «հիմնական ճանապարհն է՝ մէկ կողմէն կանանց տրամադրելու հմտութիւններ և գիտելիքներ, որոնք անհրաժեշտ են աշխատանքի աշխարհի նոր մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, իսկ միւս կողմէ՝ նպաստելու գերիշխող հայրիշխանական մշակոյթի փոփոխութեանը»:

«Ցաւօք` այսօր տակաւին աշխարհի մէջ 130 միլիոն աղջիկներ դպրոց չեն յաճախեր։ Չկայ ազատութիւն, արդարութիւն համապարփակ զարգացում, ժողովրդավարութիւն ու խաղաղութիւն առանց կրթութեան» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2023, 09:03