Որոնել

2018.10.30 OCEANO

Ֆրանչիսկոս Պապ . Ովկիանոսները թող միացնեն ժողովուրդները ու չըլլան ողբերգութեան վայրեր

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը` ուղղուած Փանամա Սիթիի մէջ տեղի ունեցած «Our Ocean» համաժողովին, Ֆրանչիսկոս Պապը կը վերահաստատէ ովկիանոսներուն կարեւորութիւնը, որպէս կապի միջոց որմէ կախեալ են բոլոր մարդ էակները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ովկիանոսը «կարող է ըլլալ միութեան կարեւոր գործօն, կապի միջոց, միասնական խնդիր», եւ որպէսզի կարելի ըլլայ ապրիլ այդ կապը հարկ է անսալ «Երկրի եւ աղքատներու աղաղակին» ու վերատեսել «աճումի ռազմավարութիւնները, որոնք այժմ հիմնուած են սպառողականութեան եւ մսխումի վրայ, ու անարդար եւ անկայուն արտադրութեան, փոխադրութեան, բաշխումի եւ սպառման վրայ». Այս կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամի մը մէջ, ուղղուած «Our Ocean» 8րդ համաժողովի մասնակիցներուն, որ տեղի ունեցաւ Փանամա Սիթիի մէջ 2 եւ 3 Մարտին, որուն այս տարուայ որպէս բնաբան ընտրուած էր «Մեր ովկիանոսը, մեր կապը»։

Հարկաւոր է միանալ պաշտպանելու համար բնապահպանական համակարգը

Պատգամին մէջ կ՛ընդգծուին կարեւոր երկու այլ կէտէր, որպէսզի այդ Կապը ապրուի բոլոր ներգրաւուած իրականութիւններուն հետ, ըլլան անոնք մասնաւոր հատուածի վարչակազմ, հետազօտութեան, քաղաքական եւ մշակութային աշխարհ, կրօնական եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններ ու նաեւ միջազգային հասարակութիւն։ Հարկաւոր է միանալ պաշտպանելու եւ վերականգնելու համար «ծովային, ափամերձ և գետային էկոհամակարգերը», ապա դիւրացնել «արդիւնաւէտ կառավարումն ու պաշտօնական համակարգումը, որպէսզի համարժէք ըլլայ պաշտպանուելիք բարիքի չափին ե բարդութեան` ինչպիսին է ովկիանոսը։

Բոլորս կախեալ ենք Ովկիսանոսէն

Պատգամը կը յիշեցնէ, որ բոլոր մարդ արարածները կախեալ են ովկիանոսներէն որոնք ընկալուած են Արարիչէն որպէս պարգեւ եւ զոր պէտք է փոխանցուին ապագայ սերունդներուն լաւ պայմաններու մէջ։

Մարդկային ընտանիքը առ այդ կոչուած է, այնպէս ինչպէս ցոյց կու տայ «Laudato si’» շրջաբերականը, որդեգրելու «զարգացումի համապարփակ տեսութիւն մը» ու նաեւ «բնապահպանական համապարփակ տեսութիւն», թէեւ դժբախտաբար կը գտնուինք տակաւին «ովկիանոսներու ապականումի» տագնապալի երեւոյթներու դիմաց, ինչպէս նաեւ «ծովային յատակի արդիւնահանող արդիւնաբերութեան զարգացումին» դիմաց եւ ալեկոծ ծովերու մէջ գաղթականներու ողբերգութիւններուն ու ծովուն մէջ կատարուող մարդավաճառութեան դիմաց ու նաեւ ծովագնացներու աշխատանքային ծանր պայմաններուն դիմաց», կը կարդանք միշտ պատգամին մէջ։

Ջուրը կապի գործօն

Ջուրը կապի գործօն է եւ ովկիանոսը չունի քաղաքական եւ մշակութային սահմաններ, որովհետեւ անոր հոսանքները կ՛ընդգրկեն համայն մոլորակը ընդգծելով Երկիներու եւ հասարակութիւններու միջեւ միջկապակցութիւնն ու միջկախուածութիւնը։

«Մենք միակ ու մէկ ընտանիք մըն ենք եւ կը կիսենք նոյն անձեռնմխելի մարդկային արժանապատւութիւնը, կ՛ապրինք միեւնոյն հասարակական տան մէջ, եւ կանչուած ենք անոր խնամք տանիլ» եղաւ պատգամի վերջին թելադրանքը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/03/2023, 11:12