Եկեղեցին մի քանիներու վերապահուած տուն մը չէ, ան բոլորի համար է. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրուելուն տասներորդ տարեդարձի առիթով, Իտալացի լրագրող Փաոլօ Ռոտարի Նորին Սրբութեան հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, Զուիցերական հեռուստակայանին համար, որ եթեր պիտի ուղարկուի յառաջիկայ կիրակի օր, 12 Մարտին, եւ որուն պարունակութեան որոշ մասերը լոյս տեսան այսօր։
Հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը սովորութեան համաձայն ազատ ու անկեղծ կերպով պատասխանեց իրեն ուղղուած բոլոր հարցումներուն նշելով ի միջի այլոց թէ ինք կարող է հրաժարականը ներկայացնել միայն երբ «վրայ հասնի յոգնութիւն մը, որ այլեւս թոյլ չտար յստակ կերպով տեսնել իրականութիւնը»։
«Տասը տարի անցան ի՞նչ փոխուած է» հարցումին, Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց «Ծեր եմ։ Աւելի նուազ ֆիզիկական դիմադրութեան ուժ ունիմ, ծնկացաւս եղաւ ֆիզիկական նուաստացում մը, թէեւ այժմ բուժման մէջ է»։
Վերջիններուն Քահանայապետը
Հարցումին թէ եթէ ինք ինքզինք կը զգայ վերջիններուն Քահանայապետը, Սրբազան Պապը պատասխանեց. «այո ես նախընտրութիւն ունիմ «անտեսուածներուն» նկատմամբ, բայց այս չի նշանակեր թէ ես միւսները կ՛անտեսեմ։ Աղքատները Յիսուսին նախընտրեալներն ես բայց Յիսուս հարուստները չի վռնտեց։ Յիսուսին համար ոչ մէկը բացառուած է ու մենք եւս, որպէս Եկեղեցի, պէտք չէ մոռնանք այս մէկը. «Եկեղեցին մի քանիներուն վերապահուած տուն մը չէ, անիկա Աստուծոյ հաւատարիմ սուրբ ժողովուրդն է` այսինքն բոլորը»։
Անդենական կեանքը, Սանթա Մարթան, նախկին կեանքը, համավարակը
Խօսելով անդենական կեանքի մասին Քահանայապետը նշեց, թէ ինք կարող չէ զայն երեւակայել բայց Աստուածամօրմէ կը խնդրէ, որ իրեն կողքին ըլլայ հուսկ մատնանշեց Սանթա Մարթայի մէջ ապրելու իր որոշումին, նշելով, թէ իրեն համար «հոգեբանական» հարց մըն էր, եւ նախընտրեց ապրիլ այստեղ, ուր արդեն բնակութիւն հաստատած են 40 անձեր։
Նորին Սրբութիւնը բացատրեց նաեւ թէ նախկին կեանքէն իրեն կը պակսի ճամբաներու վրայ քալելը, փոխադրակառք գործածելը… իսկ Քովիտ19 համաճարակի պատճառաւ շրջափակման դրոյթի ընթացքին իր յիշատակներուն մէջ դրոշմուած է առանձնական աղօթքի պահը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ. «Անձրեւ կը տեղար, մարդ չկար։ Զգացի Տիրոջ ներկայութիւնը։ Այս մէկը եղաւ Տիրոջ ուզած բան մը, որպէսզի մեզի հասկցնէ ողբերգութիւնը, առանձնութիւնը, խաւարն ու ժանտախտը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Պատերազմը` չարիք
Ան ապա խօսեցաւ պատերազմի մասին ակնարկելով առաջին ու երկրորդ համաշխարհային պատերազմներուն ու նաեւ այժմ տեղի ունեցող մաս մաս պատերազմին, որուն մէջ ներգրաւուած են մեծ տէրութիւնները։ Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը անգամ մը եւս հաստատեց, թէ «եթէ մէկ տարուայ տեւողութեամբ զէնքեր չարտադրուին այդ նոյն գումարով կարելի պիտի ըլլայ աշխարհի մէջ անօթութեան հարցը լուծել»։ «Պատերազմը շուկայ մըն է, պատերազմներ կը կատարուին հին զէնքերը վաճառելու համար եւ նորերը փորձելու», դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, որ ապա ակնարկեց Ուքրանիոյ պատերազմին խօսելով նախագահ Փութինի մասին ու զայն նկարագրելով, որպէս «մշակոյթի» մարդ։
«Փութինը գիտէ թէ ես իր տրամադրութեան տակ եմ բանակցութիւններուն համար։ Բայց այնտեղ կան կայսերական շահեր. ոչ միայն ռուսական կայսրութեան, այլ նաեւ այլ կայսրութիւններու, որոնք կը գտնուին այլուր։ Կայսրութեան յատկանիշն է ազգերը դնել երկրորդ կարգի վրայ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով նաեւ աշխարհի այլ վայրերու մէջ տիրող պատերազմներուն ինչպէս Եմենն ու Սուրիան, ու հաստատելով, որ «պատերազմները միայն չարիք կը հասցնեն. Այնտեղ չկայ Աստուծոյ հոգին: Ես չեմ հաւատար սուրբ պատերազմներուն»։
Շատախօսութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ նշեց թէ ինք յաճախ կը զգուշացնէ «շատախօսութենէն», որովհետեւ ան կը կործանէ համակեցութիւնը, ընտանիքը։ Անիկա թաքուն հիւանդութիւն մըն է։ Ժանտախտ է»։
Պենետիկտոս ԺԶ
Ինչպէ՞ս էին Պենետիկտոս ԺԶ-ի տասը տարիները Mater Ecclesiae,ի մէջ հարցումին, Ֆրանչիսկոս Պապը պատասխանեց. Պենետիկտոս ԺԶ բարի էր, Աստուծոյ մարդ էր, ես զինք շատ կը սիրէի։ Վերջին անգամ անոր հանդիպեցայ Ծնունդին։ Գրեթէ անկարող էր խօսիլ։ Ցած ձայնով կը խօսէր։ Կարիքը կար թարգմանիչի։ Բայց լուսամիտ էր։ Հարցումներ կ՛ուղղէր։ Հաճոյք էր Անոր հետ զրուցելը։ Ես իրեն կարծիքը կը հարցնէի եւ Ան միշտ ալ հաւասարակշիռ էր, դրական, իմաստուն մարդ։ Բայց վերջին անգամ ակնյայտ էր, որ հասած էր իր կեանքի աւարտին»։
Քահանայապետը խօսեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ-ի յուղարկաւորութեան արարողութեան մասին, որ եղաւ աննախընթաց եւ որուն պատրաստութիւնը խոչընդոտներու հանդիպեցաւ, որովհետեւ պէտք էր արարողութիւն մը կազմակերպել, որ տարբեր ըլլար Իշխող Քահանայապետի մը համար կատարուած արարողութենէն։ «Այժմ ես խնդրեցի, որ ուսումնասիրուի «արարողութիւն մը» նաեւ ապագայի բոլոր քահանայապետերու յուղարկաւորութեան համար» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Հրաժարականը
Ակնարկելով ապա հրաժարականի մը կարելութեան մասին Ան ընդգծեց թէ այդ մէկը կը կատարէ երբ «յոգնութիւնը թոյլ չի տար յստակ տեսնել իրականութիւնը եւ գնահատել իրադարձութիւնները։ Ֆիզիկական հարցերը եւս կարող են պատճառ ըլլալ։ «Այս հարցի վերաբերեալ ես մշտապէս խորհուրդ կը հարցնեմ ինծի մօտիկ անձերուն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ