«Կիները շատ բան ունին մեզի ըսելիք». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնադրամի և «Strategic Alliance of Catholic Research Universities» Կաթողիկէհամալսարանական ցանցի անդամները շաբաթ 11 Մարտի առաւօտեան առիթը ունեցան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ` առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ, ուրբաթ 10 Մարտին, Հռոմի «Istituto Maria Santissima Bambina» կեդրոնին մէջ երկու այս կազմակերպութիւններու կողմէ համատեղ խրախուսուող հետազօտութեան արդիւնք` «Աւելի շատ իգական առաջնորդութիւն` յանուն աւելի լաւ աշխարհի. հոգատարութիւնը մեր հասարակաց տան համար որպէս շարժիչ ուժ» խորագիրով հատորին ներկայացման առիթով։
Այս հանդիպումին առիթով ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նշեց, թէ վերոնշեալ խորագիրը կը պարունակէ իր սրտին խօսող կարեւոր նիւթ` «հոգատարութեան կարեւորութիւնը», որ ըսաւ Ան, «եղաւ առաջին պատգամներէս մին, զոր ուզեցի տալ Եկեղեցւոյ իմ Քահանայապետութեան սկիզբէն ի վեր, որպէս տիպար ներկայացնելով Սուրբ Յովսէփը` Փրկչին քնքուշ պահապանը»։
Սրբազան Պապը ապա գնահատեց հատորին մէջ ամփոփուած նիւթերը, անոնց բազմազանութիւնը, հարուստ փորձառութեան արդիւնքները, բազմաառարկայականութիւնն ու բազմամշակութային ոլորտը եւ տարբեր զգացումներու բաժնեկցութիւնը, բոլորն ալ «կարեւոր արժէքներ ոչ միայն գիրքի մը համար այլ նաեւ աւելի լաւ աշխարհի մը համար» ըսաւ Ան եւ խօսքը ուզեց կեդրոնացնել «հոգատարութեան» երեք ոլորտներու վրայ։
Աւելի մեծ ներառում
Անոնցմէ առաջինը եղաւ «Աւելի մեծ ներառում»ը։ Ակնարկելով հատորին մէջ շօշափուած խտրականութեան նիւթին, որուն յաճախ թիրախ են կիները Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ «տարբերութիւնները պէտք չէ երբեք հանգին անհաւասարութեան» եւ «Իրական իմաստութիւնը, իր հազար երեսակներով, կարելի է սորվիլ ու ապրիլ միայն միասին քալելով, և միայն այս կերպով ան կարող է խաղաղութիւն առաջացնել»։ «Այս ուսումնասիրութիւնը հրաւէր է խտրականութիւն չի գործադրելու եւ ընդելուզելու ամէնքը ու յատկապէս առաւել խոցելիները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտելով որ «պէտք չէ եւ ոչ մէկը բացառել» ու թէ «այս մէկը սուրբ սկզբունք մըն է» ու նաեւ թէ «Արարիչ Աստուծոյ ծրագիրը հիմնականին մէջ «ներառող» ծրագիր է, որուն կիզակէտն են «գոյութենական արուարձաններուն բնակիչները»։
Աւելի մեծ յարգանք միւսին նկատմամբ
«Աւելի մեծ յարգանք միւսին նկատմամբ» նիւթը շօշափելով Քահանայապետը անգամ մը եւս հաստատեց, թէ «Իւրաքանչիւր անձ պէտք է յարգուի իր արժանապատուութեամբ եւ իր հիմնարար իրաւունքներուն մէջ. Կրթութիւն, աշխատանք, խօսքի ազատութիւն եւայլն»...«Այս մէկը յատուկ կերպով կը հայի կիներուն, որոնք աւելի դիւրաւ թիրախ են բռնութիւններու եւ ոտնձգութիւններու։ Չենք կրնար լռել մեր ներկայ ժամանակի այս վէրքին դիմաց։ Բռնութեան, չարաշահումի զոհ կիները առանց ձայնի չթողունք...այլ տեղ տանք անոնց գործերուն, որոնք մղուած են կեանքը պաշտպանելու որեւէ վիճակի, տարիքի եւ պայմաններու մէջ որ գտնուի» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։
Նոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել նոր ձեւերով
Խօսելով ապա «Նոր մարտահրաւէրները նոր ձեւերով դիմագրաւելու» ոլորտի մասին, Քահանայապետը «Անժխտելի» համարեց «ընդհանուր բարօրութեան մէջ կանանց ներդրման անփոխարինելի առանձնայատկութիւնը» դիտել տալով, թէ այս մէկը կը տեսնենք նաեւ Աստուածաշունչի կիներուն մէջ, հասնելու համար Մարիամին ու այն կիներուն` որոնք Յիսուսին հետեւեցան մինչեւ Խաչը։
«Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կան տիպար անձեր ինչպէս Սիենայի սրբուհի Քաթերինան, Էտիթ Շթայնը, Քալքութայի Մայր Թերեզան եւ այլ բազմաթիւ կիներ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով անոնց քաջութիւնը, հաւատարմութիւնը. տառապելու և ուրախութիւն փոխանցելու կարողութիւնը, ազնուութիւնը, խոնարհութիւնը, որով, ըսաւ Ան «յառաջ կը տանին ընտանիքներու, ընկերութեան ու Եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը»։
Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց Պուէնըս Այրէսի մէջ իր ապրած մէկ փորձառութեան մասին երբ բանտերու դռներուն առջեւ կը տեսներ կիներու երկար շարքը. Մայրեր որոնք եկած էին իրենց բանտարկեալ զաւակներու այցելութեան։ Մայրերը, ըսաւ Ան, երբեք իրենց զաւակները չեն լքեր։ Ասիկա է ահա կնոջ ուժը, լռելեան ուժ բայց ամենօրեայ։
Կիները շատ բան ունին մեզի ըսելու
«Կը գտնուինք դարաշրջանային փոփոխութիւններու ժամանակի մը մէջ, որ կը պահանջէ պատշաճ եւ համոզիչ պատասխաններ» յարեց ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ այս իրականութեան դիմաց կիները եւս շատ բան ունին մեզի ըսելիք. Անոնք գիտեն, թէ ինչպէս իւրօրինակ կերպով, իրենց գործելաոճով համադրել երեք լեզու՝ մտքի, սրտի և ձեռքի լեզուն: Համադրութիւն` որ կը պատկանի մարդ արարածին եւ զոր ոչ մէկ գործիք կարող է իրականացնել որովհետեւ չի կարող իր մէջ զգալ զաւկի մը սրտին զարկը, զի գիտեր յոգնած եւ ուրախ, հանգչիլ իր մանուկի անկողինին մօտ, չի գիտեր լալ, ողբալ եւ ուրախանալ մասնակցելով իր սիրած անձերուն ցաւին եւ ուրախութիւններուն։
«Կինը այս բոլորը կը կատարէ եզակի եւ բնական կերպով, ճիշտ իրեն իւրայատուկ հոգ տանելու կարողութեան հիման վրայ» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ճառը աւարտեց կրկնելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ «Mulieris dignitatem»ի մէջ պարունակուած խօսքերը. «Եկեղեցին [...] շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր կանանց և իւրաքանչիւր՝ մօր, քրոջ, կնոջ, նուիրեալ կիներուն համար, [...] կանանց համար, որոնք արուեստագիտական կերպով կ՛աշխատին, [...] բոլորի համար. [...] իրենց կանացիութեան ողջ գեղեցկութեամբ և հարստութեամբ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ