Որոնել

Ֆրիցցիի Տունը Ֆրիցցիի Տունը 

Ֆրանչիսկոս Պապի ուղերձը՝ Unitalsi-ին

Բացումը կատարուեցաւ Միլանի Հիւանդանոցներուն մէջ բուժում ստացող փոքրիկներու մայրերուն եւ հայրերուն համար հիւրատունի: Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն ընդգծած է ծանր հիւանդութեամբ տառապող մանուկներու տունէն հեռու բուժումի եւ վերականգնումի համար ծնողներու սիրոյ, քնքշութեան եւ մօտիկութեան կարեւորութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Մէկ տարի առաջ ձեզ հաղորդագրութիւն գրեցի՝ աջակցելով տուն մը կառուցելու նախաձեռնութեան, որ կարողանայ հիւրընկալ կացարան ապահովել քաղաքի Հիւանդանոցներուն մէջ բուժում ստացող փոքրիկներու մայրերուն եւ հայրերուն համար»։

Այս տողերը կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի՝ Unitalsi-ին (Դէպի Լուրտ եւ Միջազգային սրբավայրեր հիւանդներ փոխադրող իտալական ազգային միութիւն), յղած գրաւոր ուղերձին մէջ՝ Միլան քաղաքին մէջ հիւանդ մանուկներու ծնողներու համար հիւրատան բացման արարողութեան առթիւ, որ կայացաւ այսօր՝ 24 Մարտին եւ որ կը կրէ կեանքէն վաղաժամ հեռացած, իտալացի յայտնի հեռուստատեսային մեկնաբան, Unitalsi-ի աջակից ու ջատագով Ֆապրիցիօ Ֆրիցիի անունը։

Նորին Սրբութիւնը իր ուղերձին մէջ յատուկէն ընդգծած է ծանր հիւանդութեամբ տառապող մանուկներու տունէն հեռու բուժումի եւ վերականգնումի համար ծնողներու սիրոյ, քնքշութեան եւ մօտիկութեան կարեւորութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա իր ուրախութիւնն արտայայտած է այդ կարեւոր ձեռնարկի աւարտի կապակցութեամբ եւ նշած է, որ «Ֆրիցցիի տուն» նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձած է ի մասնաւորի Վիթթորէ Տը Քառլոյի յամառ վճռականութեան շնորհիւ, որ իր մորթին վրայ փորձեց կեանքի և մահուան ճակատամարտը եւ պատմեց այդ մասին վատիկանեան LEV հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսած «Խաւարէն լոյս՝ աղօթքի զօրութեամբ» գիրքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/03/2023, 14:30