Ժասթին Ուելպի. Ֆրանչիսկոս Պապը կը ձգտի հարցերը դիտել տարբեր տեսանկիւնէ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Առաջին անգամ, երբ հանդիպեցայ Ֆրանչիսկոս Պապին՝ իմ պաշտօնավարումը ստանձնելէ երկու երեք ամիս ետք էր ու ես շատ անհանգիստ էի: Երբեւէ Պապի մը չէի հանդիպած, չէի գիտեր ինչ մտածել, չէի գիտեր անոր ինչ մարդ ըլլալը: Մտանք ներս, նստեցայ, եւ ինծի ըսաւ. «Քեզմէ մեծ եմ... », ես մտածեցի. «Ահ, Աստուած իմ, մէկն է անոնցմէ...»: Ապա աւելցուց. «...երեք օրով»: Նկատի ունենալով, որ իր Քահանայապետութիւնը սկսած է իմ պաշտօնավարումէն երեք օր առաջ: Այդ սկիզբը ինձ շատ բան բացայայտեց Ֆրանչիսկոս Պապի մասին և ձեւաւորեց անոր հետ իմ փորձառութիւնը:
Զգացի անոր արտասովոր խոր մարդասիրութիւնը, որ ճշմարտութեան հետ զիջողութիւններու չ’ենթարկուիր, եւ որ իւրաքանչիւր մարդ արարածին անսահման արժէք կը վերագրէ: Շատերը կ’ըսեն այդ մասին, ես կ’ըսեմ ատիկա, սակայն ինք կ’ապրի այդ: Երկրորդ յատկանիշը բարոյականութեան նկատմամբ զգալի բացութիւնն է: Խնդիրներուն կը ձգտի նայիլ տարբեր տեսանկիւնէ, տարբեր ձեւով: Գուցէ շնորհիւ Յիսուսեան սերումին: Չեմ գիտեր, բայց փաստն այն է, որ զարմանալի տեսանկիւնով կը մօտենայ խնդիրներուն: Եթէ անոր հետ խօսիս Եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած բազմաթիւ հարցերու մասին, ան կը նայի մարդու սիրտին մէջ եւ սիրելու այնպիսի ձեւեր կը գտնէ, որոնք կարծրացած սիրտերը տեղէն կը շարժեն:
Երրորդ միտքը, որ կ’ուզէի ըսել Անոր մասին, այն է, որ անոր նկատելի պարզութիւնը անարատ պարզութիւն է: Այս երեք յատկանիշները՝ միտքին և բնաւորութեան մեծ ունակութիւնը, սիրտին խորութիւնը եւ պարզութիւնը թոյլ կու տան Անոր արտասովոր կերպով հասնելու Եկեղեցիէն դուրս գտնուողներուն, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը կ’ընէր: Առկայ է խորութիւն, որ օրհնութիւն է Եկեղեցւոյ, եւ ոչ միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ