Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ալ Թայէպ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ալ Թայէպ 

Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայէպին շնորհաւորական գիրը Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան տասներորդ տարեդարձին առթիւ

Բարձր կը գնահատեմ ձեր անխոնջ ջանքերը՝ խթանելու մարդկային եղբայրութեան արժէքները ինչպէս նաեւ հաստատելու երկխօսութիւնը կրօններու հետեւորդներու միջեւ՝ իբրեւ հիմք, հասնելու համար այն խաղաղութեան, որուն բոլորս կը ձգտինք։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Քահանայապետութեան տասներորդ տարեդարձին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական գիր ստացաւ Ալ Ազհարի աւագ իմամ Ահմատ Ալ Թայիպէն

Շնորհաւորական գիրին մէջ աւագ իմամը գրած է

Սիրելի բարեկամ եւ եղբայր Ֆրանչիսկոս, ջերմ ողջոյններս։

Ուրախ եմ որ կը յղեմ Ձերդ Նորին Սրբութեան իմ ջերմ շնորհաւորանքներս, որպէս Պապի պաշտօնի եւ որպէս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետի պաշտօնավարութեան տասնամեակի կապակցութեամբ։

Հպարտօրէն կը գնահատեմ ձեր փառաւոր ուղեւորութիւնը վերջին տարիներուն, որոնց ընթացքին ուզեցիք կառուցել սիրոյ եւ եղբայրութեան կամուրջներ համայն մարդ էակներու միջեւ, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատեմ ձեր անխոնջ ջանքերը՝ խթանելու մարդկային եղբայրութեան արժէքները ինչպէս նաեւ հաստատելու երկխօսութիւնը կրօններու հետեւորդներու միջեւ՝ իբրեւ հիմք, հասնելու համար այն խաղաղութեան, որուն բոլորս կը ձգտինք։

Սիրելի իմ եղբայրս Ֆրանչիսկոս Պապ,

Մեր աշխարհը այսօր լի է մարտահրաւէրներով, ճակատամարտերով եւ բարոյական, տնտեսական, ընկերային բոլոր մակարդակներու վրայ դժուարութիւններով, ինչ որ կ՝աճեցնէ շատ մարդկանց տառապանքը, ասոր համար, մեծ կը դառնայ առաջնորդներու պատասխանատուութիւնը եւ ձեզի նման հետեւողական խորհրդանշական դէմքը, մեղմացնելու համար անձերու եւ ընկճուածներուն տառապանքները։ Կ՝աղօթեմ Աստուծոյ, որպէսզի օրհնէ ձեր ջանքերը խաղաղութեան որոնումին մէջ եւ մեզ օգնէ ձեր հետը միասին ու բոլոր անոնց որոնք բարին կը սիրեն ու բարի կամք ունեցող անձեր են, կատարելու մեր կրօնաւորական, բարոյական պարտականութիւնը՝ նպաստելու խաղաղութեան եւ ամրապնդելու փոխըմբռնումն ու զօրակցութիւնը։

Թող, որ Դուք իմ սիրելի եղբայրս օրհնուիք բարի առողջութեամբ, երջանկութեամբ եւ բարօրութեամբ եւ Ամենակալ Աստուած միշտ ձեզ օրհնէ։ Ուրախութեամբ կ՝ընկալեմ միասին աշխատելու ամէն ծրագիր, իրականացնելու համար մարդկային եղբայրութիւնը, որպէսզի մեր աշխարհին մէջ գերիշխէ համակեցութիւնն ու կայունութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/03/2023, 16:00