Որոնել

IRAQ-VATICAN-POPE-SHIITE-SISTANI

Քահանայապետին պատգամը` Այաթոլլահ Ալի Ալ-Սիսթանիին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց, Ֆրանչիսկոս Պապին 28 փետրուար 2023 թուակիր նամակը ուղղուած Իրաքի հոգեւոր և քաղաքական առաջնորդ` Այաթոլլահ Ալի Ալ Սիսթանիին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 14 Մարտ 2023ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին նամակ մը` ուղղուած Իրաքի հոգեւոր և քաղաքական առաջնորդ` Այաթոլլահ Ալի Ալ Սիսթանիին, իրենց միջեւ երկու տարիներ առաջ Իրաքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի տարեդարձին առիթով։

«Սիրելի եղբայր, ուրախ եմ անգամ մը եւս հնարաւորութիւնը ունենալու ձեզի գրելու մեր միջեւ երկու տարի առաջ Նաժաֆի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետքը, որ ինչպէս ըսի Իրաքէն վերադարձէս յետոյ, «մեծ բարիք եղաւ հոգիիս համար», կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին սկիզբը, ապա կը հաստատէ, թէ այդ հանդիպումը եղաւ «անկիւնաքար մը` միջ-կրօնական երկխօսութեան ու ժողովուրդներու միջեւ հասկացութեան ուղեւորութեան համար»։

Ակնարկելով ապա հանդիպման ընթացքին զրոյցի նիւթերուն, որոնք ներգրաւեցին` զօրակցութիւնը, խաղաղութիւնը ու աւելիով դիւրաբեկներուն պաշտպանութիւնը ինչպէս նաեւ կեանքի սրբութիւնը եւ Իրաքի ժողովուրդին միութիւնը, Սրբազան Պապը կը հաստատէ, թէ «տարբեր կրօններու հաւատացեալներուն միջեւ համագործակցութիւնը անհրաժեշտ է, մշակելու համար համերաշխութիւնը, որ կը սատարէ մարդկութեան բարիքին»։

«Մեր հասարակութիւնները կարող են եւ պէտք են ուստի դառնան առանձնաշնորհեալ վայրեր` հաղորդութեան եւ խաղաղ համակեցութեան խորհրդանիշ, ուր աղերս կը բարձրանայ բոլորի Արարչին, երկրի վրայ միութեան ապագայի մը համար»։

«Յարգելի եղբայր, մենք երկուքս ալ համոզուած ենք, որ իւրաքանչիւր մարդու և իւրաքանչիւր համայնքի արժանապատուութեան և իրաւունքներու յարգանքը, յատկապէս կրօնի, մտքի և արտայայտուելու ազատութիւնը, մարդկանց միջև անձնական և սոցիալական հանգստութեան և ներդաշնակութեան աղբիւր է» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով, որ «կրօնապետերուն կ՛իյնայ քաջալերել անոնք` որոնք քաղաքացիական ընկերութեան մէջ ունին պատասխանատուութիւն, որպէսզի գործեն հաստատելու արդարութեան ու խաղաղութեան վրայ հիմնուած մշակոյթ մը, խթանելով քաղաքական գործողութիւններ, որոնք կ՛երաշխաւորեն իւրաքանչիւրի հիմնական իրաւունքները»։

«Արդարեւ հարկաւոր է, որ մարդկային ընտանիքը վերագտնէ եղբայրութեան եւ իրար ընկալումի իմաստը, որպէս այսօրուայ մարտահրաւէրներու շօշափելի պատասխան» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը նամակի աւարտին մէջբերելով «Համաշխարհային խաղաղութեան ու միասնական համակեցութեան համար Մարդկային եղբայրութեան» փաստաթուղթէն խօսքեր, հուսկ մաղթանք կը յայտնէ որ «միասին, քրիստոնեայ եւ իսլամ, կարողանանք միշտ ըլլալ ճշմարտութեան, սիրոյ եւ յոյսի վկաներ, աշխարհի մը մէջ, որ յատկանշուած է բազմաթիւ հակամարտութիւններով եւ կարիքաւոր է բարեգթութեան ու բուժումի»։

«Աղօթքս կը բարձրացնեմ առ Աստուած, Ամենակարողին, ձեզի համար, ձեր համայնքի և Իրաքի սիրելի երկրին համար» կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով նամակը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/03/2023, 14:30