Որոնել

Ջուրի նուիրուած օր Ջուրի նուիրուած օր 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Անհրաժեշտ են շօշափելի գործողութիւններ ջուրի հասանելիութիւնը երաշխաւորելու համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Ջուր եւ յոյս» ՄԱԿ-ի ջուրի մասին համաժողովի մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

22էն-24 մարտ 2023-ին, Նիւ Եորքի մէջ կը գումարուի ՄԱԿ-ի նախաձեռնութեամբ ջուրի մասին համաժողով ունենալով որպէս վերնագիր «Ջուր եւ յոյս. Փորձառութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կայուն զարգացման խթանման եւ հասարակաց տան խնամքին համար»։

Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Պապ նամակով մը ողջունեց համաժողովի մասնակցութիւնը բերող բոլոր ընկերակցութիւնները, «որոնք միացած են, ընդհանուր համաձայնութիւններ գտնելու համար, մաղթելով որ «սոյն համաժողովը դառնայ յոյսի աղբիւր մը, որպէսզի ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շօշափելի դառնան՝ հրատապ մարտահրաւէրներու դիմաց»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նամակին մէջ նշեց, որ «22 մարտը իբրեւ ջուրի միջազգային օր սահմանումէն երեսուն տարի ետք, այդ անփոխարինելի աղբիւրին հասանելիութեան մասին տուեալները, աճող անհաւասարութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ հարցերը , մտահոգիչ եւ ողբերգական են, պէտք է պահանջել որ գործողութիւնները շօշափելի եւ արդիւնաւէտ դառնայ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ քաջալերեց միացնել բոլոր ջանքերը՝ ներգրաւուելով միջազգային համայն հասարակութիւնը՝ համատեղ աշխատանքի եւ համաձայնութիւններուն ստեղծման մէջ, որոնք թոյլ կու տան մարդկութեան ամբողջական զարգացման։

Ան մաղթեց, որ ջուրի մասին համաժողովը դառնայ այն առանցքը, որ կը կապէ աշխարհի բոլոր լուծումները, որոնց աշխարհը կարիքը ունի, որպէսզի երաշխաւորելով ջուրի հասանելիութիւնն ու վերաշինութիւնը, համընդհանուր իրականացում տանք ջուրի իրաւունքին, որ կեանքի իրաւունքն է, ապագային եւ յոյսին։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն հանդիպումի, յանձնառութեան, պայքարին եւ համաձայնութիւններու համար, քաջալերելով չվախնալ բանավէճէն ու հարկ է աճիլ անոր հետ, մեզի եւ ապագայի սերունդներու համար։

Հայցելով բոլորին վրայ Տիրոջ օրհնութիւնը, ֆրանչիսկոս Պապ ապահովուեց իր աղօթքը խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/03/2023, 18:34