Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոսին Ֆրանչիսկոս Պապին ուղղուած շնորհաւորութիւնները
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Ինծի համար յատուկ պատիւ ու խոր ուրախութիւն է իմ ամենէ անկեղծ շնորհաւորութիւններս փոխանցել իմ սիրելի եղբայր` Ֆրանչիսկոս Պապին, մեր Հռոմի քոյր Եկեղեցւոյ առաջին Եպիսկոպոսի ընտրութեան տասներորդ տարեդարձին առիթով։
Այս տասը տարիներու ընթացքին, մեր բարեկամութիւնը եւ մեր համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս Աստուծոյ ժողովուրդին մխիթարութիւն եւ անդորրութիւն տանելու ծառայութեան մէջ, ու Աստուծոյ համայն արարչագործութեան բուժումն ու խնամքը խթանելու պարտականութեան մէջ, մեզ մօտեցուցին մեր միասնական համոզումին ու յանձնառումին մէջ, տեսնելու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի դիմագիծի ներկայութիւնը մեր տառապող եղբայրներու եւ քոյրերու վերջիններուն մէջ։
Սիրելի եղբայր Ֆրանչիսկոս, մենք բարձր կը գնահատենք քու ղեկավարութեանդ առաջնահերթութիւնները, կ՛ողջունենք քու գործողութիւններուդ խոհեմութիւնը եւ կը հիանանք քու առաքելութեանդ առաջընթացով։
Անձնապէս անհամբեր կը սպասեմ կիսել քու օրհնեալ ճանապարհորդութեանդ յաջորդ քայլերը, մինչ կը մօտենանք Նիկիոյ առաջին Տիեզերական Ժողովին պատմական ոգեկոչման արտակարգ տօնակատարութեան, ուր
ձևաւորուեցան մեր Քրիստոնէական հաւատքի հիմնական յօդուածները: Ad multos annos, իմ սիրելի բարեկամ ! Chrónia pollá!
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ