Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ամէն օր մէկ անգամ կամ աւելի Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձին առթիւ

«Թուային սինոդ»ի կողմէ նախաեռնուած ծրագիր, ի տես ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 13 մարտին քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Բազմաթիւ թուային մոմերով վառուած քարտէս մը՝ տեսանելի կերպով ցոյց տալու ամէն աշխարհի հաւատացեալներու կողմէ՝ աղօթքով ֆրանչիսկոս Պապին ցուցաբերած զօրակցութիւնը, ի տես քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձին։

Ֆրանչիսկոս Պապին քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձը թուային տարբերակով ընդգծելու գաղափարը բխած է Թուային սինոդի շրջանակէն, սկիզբ տալով ձեռնարկին հետեւեալ լինքի՝ հրապարակումի միջոցաւ, որ ուժի մէջ պիտի մնայ մինչեւ 13 մարտ, Պապին քահանապետութեան տարեդարձին օրը։

https://www.decimus-annus.org/site/index

Այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ «Պետրոսի պաշտօնը, մեծ շնորհքն մըն է որ Յիսուս պարգեւեց եկեղեցւոյ եւ հարկ է է միշտ երախտապարտ ըլլալ։ Ուստի՝ մեր աղօթքը պէտք է դառնայ լաւագոյն պարգեւը, որպէսզի Աստուած զօրակցի ծառայութեան անոր, որ ընտրեց այդ պաշտօնը, որովհետեւ այս քարին վրայ կը հիմնէ իր եկեղեցին՝ ժամանակին եւ պատմութեան մէջ։

Ան, որ կ՝ուզէ մասնակցիլ այս ձեռնարկին, կայքէջին վրայ պիտի գտնէ հրաւէր մը աղօթելու մէկ կամ աւելի անգամ Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը, հետեւաբար Ֆրանչիսկոս Պապին պիտի ուղարկուի քարտէս մը՝ լի փոքրիկ մոմերով, որոնք կը ներկայացնեն Պապին դիտաւորութեան կատարուած Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը,Գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ իր ողորմածութեան համար։

Յայտնենք, թէ «Թուային սինոդ»ը թուային միսիոնարներու ցանց մըն է, որոնք ընդառաջեցին Պապիn կոչին մասնակցելու սինոդի ուղեւորութեան երկխօսելով թուային ցամաքամասի մաս կազմող անձերուն հետ բերելով իրենց քրիստոնէական փորձառութիւնը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/02/2023, 14:18