Որոնել

TURKEY EARTHQUAKE

Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ աղօթել երկրաշարժի զոհերուն համար

Զոհերու թիւը դժբախտաբար ժամէ ժամ կ՛աճի եւ պատճառած աւերները աներեւակայելի են։ Ըստ Առողջութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան` զոհերուն թիւը կարելի է, որ գերազանցէ քսան հազարը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Բոլոր սրտով մօտիկ եմ երկրաշարժի թիրախ անձերուն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ։ Կը շարունակեմ աղօթել անոնց համար, որոնք կորսնցուցին իրենց կեանքը, վիրաւորներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ փրկարարներուն համար։ Մեր բոլորիս շօշափելի օգնութիւնը թող թիկունք կանգնի անոնց այս հսկայական ողբերգութեան մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական թուիթըրեան կայքին վրայ 7 Փետրուարին հրապարակուած գրառումն է այս մէկը որուն մէջ Սրբազան Պապը իր աղօթքները ապահովեցնելով կը հրաւիրէ բոլորը աջակցելու երկրաշարժի թիրախ անձերուն։

Արդարեւ երկուշաբթի, 6 Փետրուարին առաւօտեան կանուխ հարաւային Թուրքիոյ եւ հիւսիսային Սուրիոյ բազմաթիւ քաղաքներ թիրախ դարձան 7.8 ուժգնութեամբ ահաւոր երկրաշարժի մը, որուն զոհերու թիւերը դժբախտաբար ժամէ ժամ կ՛աճին եւ պատճառած աւերները աներեւակայելի են։

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան զոհերուն թիւը կարելի է գերազանցէ քսան հազարը։ Կազմակերպութիւնը հաստատած է նաեւ թէ կ՛աջակցի Թուրքիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան, վիրաւորներու խնամատարութեան ծիրէն ներս զգուշացնելով նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու տագնապէն։

Միւս ԿողմէնԵՈՒՆԵՍՔՈՆ մտահոգութիւն արտայայտած է համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ գտնուող կառոյցներուն համար, ըլլայ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ ըլլայ Թուքրիոյ մէջ։

Ըստ Թուրք մասնագէտ` Övgün Ahmet Ercan-ի` տեղի ունեցած երկրաշարժին ուժը հաւասար է 130 հազար ադոմական ռումբի, մինչ երկրաշարժին ականատեսները հաստատած են թէ պատահածը «կարծես աշխարհին վերջն էր»։

Թուրքիայի աղէտներու և արտակարգ իրավիճակներու կառավարման գործակալութեան համաձայն քանդուած եւ փուլ եկած են առ նուազն 5606 շէնք։ Թուրքիոյ Նախագահ  Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան  աղէտին ի տես Երկրին մէջ եօթը օրուայ սուգ յայտարարեց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2023, 13:30