Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Աշխարականները եկեղեցւոյ հիւրերը չեն, եկեղեցին անոնց տունն է»

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովին մասնակիցները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 18 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի աշխարականներու, ընտանիքի եւ կեանքի համար վերատեսչութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովին մասնակիցները, ընկերակցութեամբ կարդինալ Ֆառելի, եկեղեցական շարժումներուն նախագահներուն եւ վերատեսչութեան պատասխանատուներուն։

Այս առթիւ արտասանած պատգամին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով համագումարի նիւթին մասին «Կանչուած միասին քալելու» նշեց, թէ «Ուղին զոր Աստուած ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ, այն է աւելի ուժեղ ու շօշափելի ապրիլ հաղորդութիւնն ու միասին քալելը։ Աստուած կը հրաւիրէ յաղթահարել ինքնուրոյն գործելու ուղիները, զուգահեռ հետքերը, որոնք երբեք չեն հանդիպիր իրարու, ինչպէս է պարագան կրօնաւորները, որոնք անջատուած են կղերական դասէն եւ հաւատացեալներէն, եպիսկոպոսները հեռացած քահանաներէ եւ այլն։։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ կայ երկար ճամբայ կատարելիք որպէսզի եկեղեցին ապրի իբրեւ մէկ մարմին, իբրեւ իսկական ժողովուրդ՝ միացած միեւնոյն հաւատքով Քրիստոսի նկատմամբ, ոգեւորուած միեւնոյն սրբացնող Հոգիէն եւ ուղղուած դէպի միեւնոյն առաքելութիւն որ. է աւետել Հօր Աստուծոյ ողորմածութեան սէրը ։

Ժողովուրդը միացած առաքելութեան մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ սինոդականութիւնը իր աղբիւրն ու վերջին նպատակը կը գտնէ առաքելութեան մէջ, կը ծնի առաքելութեան մէջ եւ կ՝ուղղուի դէպի առաքելութիւն։ Կիսել առաքելութիւնը, հովիւները կը մօտեցնէ աշխարականներուն, կը ստեղծէ մտադրութեան հաղորդութիւն, կը բացայայտէ տարբեր շնորհապարգեւներուն ամբողջականութիւն ու բոլորին մէջ կը հրահրէ միասին քալելու փափաքը։

Աշխարականներու կազմաւորում

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ աշխարականներու կազմաւորման, ու այս ծիրէն ներս ընդգծեց թէ կազմաւորումը միշտ պէտք է ուղղուած ըլլայ դէպի առաքելութիւն, կազմաւորում պէտք չէ ըլլայ դպրոցական՝ սահմանուած գաղափարներու մէջ այլ ըլլայ գործնական։ Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ աշխարակններու առաքելութիւնը նախ եւ առաջ վկայութիւն է. Վկայութիւն սեփական փորձառութեան, աղօթքի, կարիքաւորին հանդէպ ծառայութեան վկայութիւն, ինչպէս նաեւ աղքատները մենակեացները հիւրընկալելու վկայութիւնը, նամանաւանդ ընտանիքներու կողմէ։

Միսիոնարական եկեղեցի

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, որ ինք միշտ երազած է միսիոնարական եկեղեցի մը եւ սինոդականութեան վրայ դրած շեշտը շարունակութիւնն է այդ միսիոնարականութեան։ «Եկեղեցին միսիոնարական ըլլալու համար կանչուած է սինոդական դառնալու»։ ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ եկեղեցւոյ, Աստուծոյ մէկ ժողովուրդին մէջ էական կէտը Քրիստոսի պատկանելիութիւնն է։ «Աշխարհակալութեամբ բնորոշուած աշխարհին մէջ այն ինչ, որ իսկապէս մեզ կ՝առանձնացնէ՝ որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, Քրիստոսին նկատմամբ հաւատքն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ մեր ընդհանուր Քրիստոսի պատկանելիութիւնը մեզ բոլոր եղբայրներ կը դարձնէ ու այդ եկեղեցւոյ միասնական տեսլականին մէջ, ուր բոլորս նախ եւ առաջ քրիստոնեաներ ենք եւ աշխարականները որոնք կ՝ապրին աշխարհին մէջ, միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմեն Աստուծոյ ժողովուրդին։

«Աշխարհականներու եւ հովիւներու միջեւ ապրուած համատեղ համապատասխանատուութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ յաղթահարելու երկփեղկութիւնները, վախերը եւ փոխադարձ անվստահութիւնները։ Ժամն է, որ հովիւներն ու աշխարականները միասնաբար քալեն կեանքի, եւ եկեղեցւոյ ամէն շրջանակէն ներս, աշխարհի բոլոր վայրերու մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ աշխարական հաւատացեալները եկեղեցւոյ հիւրերը չեն անոնք իրենց տան մէջ կը գտնուին, կանչուած են հոգալու իրենց սեփական տունը։ Աշխարականները իրենց առօրեայ լեզուական ոճով կրնան փոխանցել աւետարանի աւետիսը, կրնան համագործակցիլ քահանաներուն հետ կազմաւորելու համար մանուկները, երիտասարդները, օգնելու համար նշանուածները իրենց պսակի պատրաստութեան մէջ, ընկերանալու պսակեալներուն իրենց ամուսնական կեանքին մէջ։ Աշխարականները պէտք են ներկայ ըլլան թեմերուն գրասենեակներուն մէջ։ Անոնք հովիւներուն հետ միասին կրնան փոխանցել քրիստոնէական վկայութիւնը բոլոր միջավայրերէն ներս։
Աշխարականները եւ հովիւները միասին եկեղեցւոյ մէջ, աշխարակններ եւ հովիւներ միասին աշխարհի մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին յորդորեց հեռու մնալ կղերապաշտութենէն յիշելով Տէ Լուպակ Կարդինալին Meditations sur l’Eglise գիրքէն հատուած մը, որուն մէջ ծիրանաւորը յայտնած է, թէ եկեղեցւոյ մէջ ամենէն վատ բանը, կղերապաշտութիւնն է ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց եկեղեցիէն ներս ջնջել կղերապաշտութիւնը, նկատել տալով, որ կղերապաշտ եպիսկոպոսներն ու քահանաները եկեղեցւոյ մեծ չարիք կը հասցնեն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2023, 12:36