Ֆրանչիսկոս Պապ. «Բաւ է ատելութիւն, բաւ են պատերազմ, ցաւին մէջ միանանք եւ օգնենք Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 9 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ կոչ յղեց միջազգային ընտանիքին մօտիկ կանգնելու երկրաշարժի. թիրախ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդներուն։ Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց աշխարհին մէջ կառուցել խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն։
Նորին Սրբութիւնը վերոնշեալ կոչը ուղղեց այսօր հրատարակած մէկ թուիթի միջոցաւ, որուն մէջ գրեց.
«Կարեկցանքի ժամանակն է, զօրակցութեան ժամանակն է։ Կը բաւէ ատելութիւն, կը բաւեն պատերազմներն ու բաժանումները, որոնք կը տանին դէպի ինքնաոչնչացում։ Տառապանքին մէջ եկէք միանանք, օգնենք Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տառապողներուն, աշխարհին մէջ կառուցենք խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ