Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Դուռերուն վրայ գրեցէք խաղաղութիւն ձեզի»։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր չարը չ՝ունի վերջին խօսքը, ոչ ալ լաւագոյնը։ Տէրը մեր խաղաղութիւն է, Անոր խաղաղութիւնը կը յաղթէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 1 փետրուարին, Քոնկօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրը՝ առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ, Քանշասայի մէջ Պապական Նուիրակի առաքելական պալատէն ինքնաշարժով կը փոխադրուի Քինշասա քաղաքի երկրորդ «Նտոլօ» անուան օդակայան՝ ուր Քանշասայի թեմի կարդինալին ընկերակցութեամբ պապական ինքնաշարժով դաշտին շուրջ շրջագայելէ ետք՝ ողջունելու համար հաւատացեալներ մատուցեց Սուրբ Պատարագ։

Պատարագի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզին նիւթը եղաւ օրուան՝ Յովհաննէս աւետարանէն քաղուած հատուածը՝ ուր կը խօսուի զատկուան գիշերը աշակերտներու մեծ ուրախութեան մասին, «ուրախութիւնը բխած Տէրը տեսնելէն» (Յովհ 20,20) ըսաւ Սրբազան Հայրը աւեցնելով, որ «այս ուրախութեան եւ հրճուանքին մթնոլորտին մէջ Յարուցեալը կը խօսի իրեններուն հետ անոնց ըսելով երեք բառեր, «խաղաղութիւնը ձեր հետ» (19) ։

«Յիսուսի խօսքը՝ ողջոյնի խօսքէն աւելի է, յանձնում մըն է, Յիսուսի խոստացած խաղաղութիւն է, որ առաջին անգամուան համար կը յանձնուի աշակերտներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «Յիսուսի խաղաղութիւնը կը յանձնուի նաեւ Սուրբ պատարագի ընթացքին ու անիկա զատկուայ խաղաղութիւն է, որովհետեւ նախ Տէրը պիտի յաղթէ մեր թշնամիներուն՝ մեղքին ու մահուան, ապա աշխարհը պիտի հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ «Յիսուսի խաղաղութիւնը հասաւ աշակերտներուն ունեցած խաւար ժամանակին, անսպասուած եւ յուսահատ պահուն, ուր չկար խաղաղութեան շողեր», մատնանշելով «Տէրը այսպէս կը կատարէ , Ան մեզի ձեռք կու տայ մեր ընկղմած պահուն ու յատակը դպչելու ժամանակը մեզ վեր կը բարձրացնէ»։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր չարը չ՝ունի վերջին խօսքը, ոչ ալ լաւագոյնը։ Տէրը մեր խաղաղութիւն է, Անոր խաղաղութիւնը կը յաղթէ։ Ուրեմն մենք, որ Յիսուսի կը պատկանինք չենք կրնար թոյլ տալ, որ տխրութիւնը գերիշխէ։ Յիսուս յաճախ կրկնեց «խաղաղութիւն ձեր հետ» եւ մենք կանչուած ենք լաւագոյնը կատարելու ու աշխարհին ըսելու խաղաղութեան այս մարգարէական յայտարարութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց, թէ Յիսուսի խաղաղութիւնը պահպանելու եւ մշակելու համար պէտք ենք կատարել Յիսուսի ցոյց տուած երեք խրատները՝ ներում, հասարակութիւն եւ առաքելութիւն։

Ներում

«Յիսուս առաքեալներուն ներումի կարողութիւնը տալէ առաջ ներեց առաքեալները, ոչ թէ խօսքով այլ ժեսթով մը։ Յիսուս ցոյց տուաւ իր ձեռքերն ու կողը, ցոյց տուաւ վէրքերը, զանոնք նուիրելով առաքեալներուն, որովհետեւ ներումը կը ծնի վէրքերէն։ Ներումը կը ծնի երբ ստացած վէրքերը չեն ձգեր ատելութեան նշաններ, այլ կը դառնան վայր՝ ուր տեղ կը տրուի ուրիշներուն, ընկալելով տկարութիւնները», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Յիսուս բառեր չ՝օգտագործեց այլ բացաւ իր վիրաւորուած սիրտը, ըսելու համար, որ ինք միշտ սէրով վիրաւորուած է մեզի համար։ Յիսուսին հետ միշտ կայ կարելիութիւն ներում ստանալու եւ վերսկսելու, ինչպէս նաեւ ուժը՝ մենք մեզի ներելու, ուրիշներն ու պատմութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց, որ այսօր դառնայ շնորհքի պահը՝ ընկալելու եւ ապրելու Յիսուսի ներումը։

Հասարակութիւն

«Յիսուս Յարութիւն առնելէ ետք կը հանդիպի իր աշակերտներուն, որոնք միասին կը գտնուէին։ Յիսուս աշակերտներու հետ յոգնակի կը խօսի ու առաջին հասարակութեան կու տայ իր խաղաղութիւնը։ Չկայ քրիստոնէութիւն առանց հասարակութեան, չկայ խաղաղութիւն առանց եղբայրութեան», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ վտանգը այն է՝ հետեւիլ աշխարհի հոգիին քան Քրիստոսին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց քաջութիւնը ունենալ աղքատներուն նայելու ու լսելու, որովհետեւ անոնք ընկերութեան անդամներ են եւ ոչ թէ օտարականներ՝ մեր խիղճէն ներս ջնջելու համար։

Առաքելութիւն։

«Յիսուս առաքեալներուն ըսաւ, ինչպէս Հայրը Զիս ղրկեց ես ալ ձեզ պիտի առաքեմ», (Յովհ 20,21) ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «Հայրը Յիսուսը առաքեց մարդկութեան ծառայելու եւ կեանք տալու համար(Մարկ 10, 45), ցոյց տալու համար Իր ողորմութիւնը իւրաքանչիւրին եւ որոնելու, անոնք որոնք հեռու կը գտնուին։ Մէկ խօսքով Հայրը Յիսուսը առաքեց բոլորին համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր կանչուած ենք խաղաղութեան միսիոնարներ դառնալու եւ սա մեզի խաղաղութիւնը պիտի շնորհէ։ Տեղ տալ բոլորին մեր սիրտերու մէջ ու հաւատալ, որ ցեղային, ընկերային, կրօնական տարբերութիւնները երկրորդական են ու խոչընդոտներ չեն. ուրիշները եղբայրներ եւ քոյրեր են, մարդկային հասարակութեան միեւնոյն անդամները։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով արձագանգել Յիսուսի «խաղաղութիւն ձեր հետ» խօսքը մեր սիրտերու մէջ, լռութեան մէջ։ «Եկէ՛ք լսենք անոր խօսքերը՝ ուղղուած մեզի եւ ընտրենք ըլլալ ներումի վկաներ, հասարակութեան մէջ դերակատարներ, աշխարհի մէջ խաղաղութեան առաքելութեան ժողովուրդ» Ըսաւ Սրբազան Հայրը։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2023, 08:40