Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Tertio շաբաթաթերթի խմաբագրական կազմը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Tertio շաբաթաթերթի խմաբագրական կազմը  (� Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պէտք է քաջութիւնը ունենալ երազելու տարբեր տնտեսութիւն մը բոլորին ծառայութեան ի սպաս»

Ֆրանչիսկոս Պապին «Tertio» շաբաթաթերթի հետ ունեցած հարցազրոյցը, քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին «Tertio» եւ «Dimanche» երկու շաբաթաթերթերու հետ ունեցած հարցազրոյցը, որ տեղի ունեցաւ Նորին Սրբութեան քահանայապետութեան 10-րդ տարեդարձին առիթով։

Հարցազրոյցի ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ կարգ մը նիւթերուն, սկսեալ Վատիկանեան Տիեզրարական ժողովը, ներկայ սինոդական գործընթացքը, Ուքրանիոյ եւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ պատերազմները։

Վատիկանեան Տիեզերական ժողով

Խօսելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովին մասին ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ըստ պատմականներուն, պէտք է որ մէկ դար անցնի, տիեզերական ժողովի արդիւնքները իրականացնելու համար։«Տիեզերական ժողովը չնորոգեր եկեղեցին։ Եկեղեցին մայր է, որ միշտ յառաջ կ՝երթայ։ Տիեզերական ժողովը դուռերը բացաւ աւելի լայն հասունութեան, աւելի համահունչ ժամանակակից նշաններու հետ։

Սինոդականութիւն

Անդրադառնալով սինոդականութեան գործընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց որ Պօղօս Զ Պապը շատ տպաւորուեցաւ նկատելով, որ Արեւմուտքի եկեղեցին գրեթէ կորսնցուցած էր իր սինոդական ծաւալը, մինչ արեւելեան եկեղեցիները գիտցան պահպանել։ Հետեւաբար Պօղոս Զ Պապը յայտարարեց ստեղծել եպիսկոպոսներուն սինոդի քարտուղարութիւնը ու այն ինչ որ կը կատարենք ներկայիս սինոդալ գործընթացին միջոցաւ ինչպէս նաեւ սինոդականութան մասին երկու սինոդները մեզ կ՝օգնեն յստակացնելու եկեղեցւոյ որոշումներու իրականացման գործընթացին իմաստն ու մեթոտը։

Աշխարհի մէջ պատերազմներու ծիրէն ներս, Վատիկանեան դիւանագիտութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէն մէկ օր ետք, Սուրբ Աթոռի մօտ Ռուսական դեսպանատուն գնաց ու իր պատրաստակամութիւն յայտնեց Մոսկուա մեկնելու ու այնպէս մը ընէ, որ պատերազմը իր աւատին հասնի, ըսաւ Ֆրանչիկոս Պապ աւելցնելով, որ Վատիկանը այդ գործողութիւններուն կեդրոն է, տարբեր կարդինալներ Ուքրանիա մեկնեցան ու ամէն ջանք կը թափեն պատերազմի աւարտին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմէ զատ տարիներէ ի վեր նաեւ պատերազմներ կը կատարուին Սուրիոյ, Եմէնի մէջ ուր մանուկները զուրկ են դպրոցական կրթութենէ, հացէ ։Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ զէնքերու մեծ ընկերութիւնները պէտք են որ դատապարտուին։

Տնտեսութիւն

Հարցազրոյցի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ տնտեսութեան նիւթին, յորդորելով խոհեմ գտնուիլ տնտեսութեան հետ, «եթէ տնտեսութիւնը մը շատ կը կեդրոնանայ միայն ֆինասնի վրայ, պարզ թիւերու վրայ, այն ժամանակ տնտեսութիւնը կը փոշիանայ ու կարող է յանգեցնել լուրջ դաւաճանութեան։ Տնտեսութիւնը պէտք է ըլլայ ընկերային։ Պէտք է միշտ ուշադրութիւն դարձնէ ընկերութեան, տնտեսութիւնը պէտք է միշտ նուիրուի ընկերային ծառայութեան», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2023, 15:00