Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատժամիջոցները թող չխոչընդոտեն երկրաշարժէն տուժած ժողովուրդներուն օգնութիւնները»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 23 փետրուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու խումբ մը երիտասարդ քահանաներ եւ կրօնաւորներ, որոնց շարքին հայ առաքելական եկեղեցւոյ կղերականներ։
Հանդիպումի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները, անոնց յանձնեց գրաւոր պատգամ մը ըսելով, որ պիտի չկարենայ կարդալ պատգամը, որովհետեւ հիւանդ է եւ հարբուխի բռնուած է։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու Հայր Մեր Տէրունական աղօթքը։
Գրաւոր պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները նշեց, որ անոնց այս տարուան այցելութիւնը կը զուգադիպի մեծ պահքի շրջանի սկիզբը,« երթուղի որուն կը հետեւին քրիստոնեաները՝ նախապատրաստուելով Քրիստոսի զատկուան, որ է մեր հաւատքի սիրտը», ըսաւՖրանչիսկոս Պապ, Ան ապա խօսքը կեդրոնացնելով երկու առաքեալներուն, Յարուցեալ Քրիստոսի հետ դէպի Էմմաւուս ուղեւորութեան վրայ նշեց որ այդ ճամբորդութիւնը որոշակի իմաստով կրնայ խորհրդանշել քրիստոնեաներուն համամիութենական ուղեւորութիւնը դէպի լիակատար հաղորդութիւնը։
Այս կապակցութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց երեք կէտեր
Միասին քալել
«Առաջին կէտը այն է, որ եթէ քրիստոնեաները միասին քալեն, ինչպէս կատարեցին Էմմաւուսի երկու առաքեալները, անոնց կ՝ուղեկցի Քրիստոսը, աջակցելով եւ խրախուսելով զիրենք՝ աւարտելու համար իրենց ուղեւորութիւնը, հետեւաբար այդ ճամբորդութիւնը կը դառնայ ուխտագնացութիւն», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «որպէս հաւատացեալներ պէտք ենք հաւատալ, որ այն չափով որ միասին քալենք նոյն չափով խորհրդաւոր կերպով կ՝ուղեցի մեզի Քրիստոսը, որովհետեւ միութիւնը ընդհանուր ուխտագնացութիւն է»։
Երկխօսութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ երկրորդ կէտը երկխօսութիւն է , երկխօսութիւն սիրոյ, ճշմարտութեան, կեանքի։ «Էմմաւուսի ուխտաւորներու երկխօսութիւնը կը տանի Յիսուսի հետ երկխօսութեան, որ կը դառնայ հեղինակը ու անոնց միջեւ խօսակցութեան հիման վրայ Քրիստոս կը խօսի անոնց սիրտերուն հետ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «այդ մէկը ցոյց կու տայ. թէ քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութիւնը կը հիմնուի Աստուծոյ խօսքին վրայ, որ Տէրը Յիսուսը մեզի կը հասկցնէ իր Հոգիին լոյսին տակ։
Փափաքիլ միութիւնը աղօթքի, սիրտի միջոցաւ
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ երրորդ կէտը այն իրողութիւն է- որ պէտք է փափաքիլ միութիւնը՝աղօթքով, բոլոր սիրտով, ուժերով առանց յոգնելու դիտել տալով որ«երբ առաքեալները Էմմաւուս հասան, Յիսուս չպարտադրեց իր ներկայութիւնը, այլ առաքեալները խնդեցին որ մնայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «առաքեալները փափաքեցան Քրիստոսի հետ մնալ, անոնք չգացին միայնակ իրենց տունը այլ ուզեցին երկարել Յիսուսի ու իրենց միջեւ ընկերակցութիւնը, աղօթելով ու շեշտելով։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց ըսելով որ միութիւնը ուխտագնացութիւն է, միութիւնը երկխօսութիւն է, միութիւնը փափաք է։ Եթէ ապրինք այս երեք ծաւալները համամիութենական ուղեւորութեան մէջ ուրեմն նման էմմաւուսի առաքեալներուն պիտի հասնինք միասնաբար ճանչնալու Քրիստոսը՝ հացը բեկանելու ժամանակ եւ պիտի վաստակինք Անոր հետ հաղորդութիւնը միեւնոյն Սուրբ Հաղորդութեան սեղանի շուրջ։
Էմմաւուսի երկու առաքեալներու նման որոնք արագ Երուսաղեմ վերադարձան՝ ուրախութեամբ պատմելու համար իրենց փորձառութիւնը, մենք եւս մեր կարգին պիտի կարենանք հաւատաւոր կերպով վկայել Խաչեալ Յարուցեալը, որպէսզի աշխարհը հաւատայ։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէ ետք խնդրեց ներկաներէն, որ իր ողջոյնները փոխանցեն իրենց եպիսկոպոսներուն եւ եկեղեցիներուն, ապա ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին համար, խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ