Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Քոնկոյի երիտասարդներուն. «Ոչ՛ կաշառակերութեան, խաղաղութեան ապագան ձեր ձեռքերուն մէջն է»

ձեռքերէդ կարելի է յառաջանալ խաղաղութիւնը, որ կը պակսի այս երկրին» ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա առաջարկեց մատներու թիւին համաձայն հինգ էական տարրեր լաւ ապագայի մը համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ Քինշասայի մէջ Պապական նուիրակի պալատէն փոխադրուեցաւ «Նահատակներ» անուան մարզադաշտ, ուր հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներու եւ կրօնուսոյցներու հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին աւելի քան 65 հազար երիտասարդներ։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ երիտասարդներուն ձեռքերուն մէջ կը գտնուի կեանքի պարգեւը, ընկերութեան ու այս մեծ երկրին ապագան, քաջալերելով երիտասարդները իրենց ձեռքերը պատրաստելու եւ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն տրամադրութեան տակ դնելու։

«Ով երիտասարդ դուն, որ կ՝երազես տարբեր ապագայ մը, քու ձեռքերէդ կը ծնի վաղն, քու ձեռքերէդ կարելի է յառաջանալ խաղաղութիւնը, որ կը պակսի այս երկրին» ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա առաջարկեց մատներու թիւին համաձայն հինգ էական տարրեր լաւ ապագայի մը համար։

Առաջին՝ Աղօթք

«Աղօթքը առաջին հիմնական տարր, որովհետեւ առանցին ոչ մէկ բան կարելի է կատարել, մենք ամենակարողներ չենք եւ երբ մէկ մը հաւատայ, որ ամենակարող է, ան չարաչար կը ձախողի։

Աղօթքը հոգիին ջուրն է, հեզ է եւ անտեսանելի է, սակայն կեանք կու տայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը շեշտելով, որ «կարիքը կայ աղօթքի, կենդանի աղօթքին ու սիրտէ բխած աղօթքին, որ թոյլ կու տայ Աստուծոյ միջամտելու ու մտնելու կեանքի ծալքերէն ներս յատուկ կերպով, մտնելու իր խաղաղութեան ուժով, որ ունի իր անունը, Սուրբ Հոգին», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդծծելով, որ «Սուրբ հոգին կը մխիթարէ եւ կեանք կը շնորհէ, Սուրբ հոգին խաղաղութեան շարժիչն է եւ խաղաղութեան իսկական ուժը։

Երկրորդ՝ հասարակութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց երիտասարդներէն, որ թոյլ չտան իրենց երիտասարդութիւնը կործանելու\ մենակութեան եւ փակումի միջոցաւ։

«Անհատական ընտրութիւնները սկիզբը հրապուրիչ կը թուին, սակայն վերջը մեծ պարապութիւն կը ստեղծեն։ Մտածեցէք թմրեցուցիչի մասին, քեզ կը թաքցնէ ուրիշներէն, իսկական կեանքէն՝ ամենակարող զգալու համար, ապա ի վերջոյ ամէն ինչէն զրկուած կը զգաս։ Զգացէք մէկ եկեղեցի, մէկ ժողովուրդ։ Այս արկածախնդրութեան մէջ դուք միակ չէք։ Համայն աշխարհի մէջ տարածուած եկեղեցին ձեզ կը քաջալերէ», ըսաւ Սրբազան Հայրը քաջալերելով միշտ յառաջ ընթանալ առանց վախի այլ հասարակութեան միջոցաւ։ 

Յայտնենք, թէ մարզադաշտի մէջ գտնուող երիտասարդները խանդավառուած Ֆրանչիսկոս Պապին քաջալերանքի խօսքերէն, որպէս հասարակութիւն ապրելու յորդորէն, մէկ ձայնով ու մէկ հոգիով ծափահարեցին ու շնորհակալութիւն յայտնեցին քահանայապետին սիրալիր հայրական հանդիպումին ու պատգամին համար։

Սրբազան  Հայրը իր կարգին խնդրեց երիտասարդներէն, որ ձեռք ձեռքի տան ու միասնաբար երգ մը երգեն՝ միացած եւ որպէս մէկ հասարակութիւն զգալու համար։

Երրորդ՝ Ազնուութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ ազնուութեան մասին, ընդգծելով որ Քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ վկայել Քրիստոսը ու այս կատարելու համար պէտք է ճիշդ ապրիլ՝ չ՝իյնալով կաշառակերութեան որոգայթներէն ներս։
Առանց ազնուութեան Յիսուսի աշակերտները ու վկաները չենք, հեթանոսներ ենք, կռապաշտներ, որոնք կը պաշտեն իրենց եսը քան թէ Աստուած։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կաշառակերութեան յաղթահարելու համար պէտք է կատարել այն ինչ, որ Սուրբ Պօղոս ըսաւ «թոյլ մի տաք որ չարը ձեզ յաղթէ»։ «Ազնիւ ըլլալ կը նշանակէ փայլիլ ցերեկը, տարածել Աստուծոյ լոյսը եւ ապրիլ արդարութեան երանութիւնը։ Յաղթէ՛ չարին բարիով ։ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Չորրորդ՝ Ներում

«Ներել կը նշանակէ գիտնալ վերսկսիլ։ Ներել չնշանակեր մոռնալ անցեալը եւ չ՝յանձնուիլ այն փաստին, որ ան կը կրկնուի։ Ներել կը նշանակէ փոխել պատմութեան ընթացքը, վերականգնել ան, որ ինկած է, ընդունիլ այն գաղափարը, որ ոչ մէկը կատարեալ է եւ որ ոչ միայն ես, այլ բոլորս իրաւունք ունինք վերսկսելու։

Սիրելի բարեկամներ նոր ապագայ կառուցելու համար կարիքը ունինք ներելու եւ ներում ստանալու»։

Հինգերորդ՝ ծառայութիւն

Ան, որ կը ծառայէ փոքրիկ կը դառնայ, նման փոքրիկ սերմին, որ հողին մէջ կ՝անհետանայ սակայն պտուղ կու տայ»,ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Յիսուսի խօսքին համաձայն, ծառայութիւնը զօրութիւն է, որ աշխարհը կը փոխէ։ Քաջալերեց չվախնալ բարիի համար աշխատելէն ու Աւետարանը հռչակելէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով երիտասարդներն ու կրօնուսոյցները երբեք չյուսալքուելու յայտնելով, որ Յիսուս կը հաւատայ բոլորին ու երբեք մինակ չի թողուր ու տխրութեան եւ յուսալքումին պահուն առնել Աւետարանը ու անոր մէջ նայիլ՝ ուժ սփռող Յիսուսին։

« Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւնը ձեր ձեռքերէն կը սպասէ տարբեր ապագայ մը, որովհետեւ ապագան ձեր ձեռքերուն մէջն է։ Թող ձեր երկիրը՝ շնորհիւ ձեզի դառնայ եղբայրական պարտէզ մը, Ափրիկէի խաղաղութեան եւ ազատութեան սիրտը»։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2023, 09:30