Որոնել

2023.02.10 Dirigenti e Atleti della Nazionale di Pentathlon

Զօրակցութիւնը աւելի պահանջկոտ մրցարշաւ մըն է. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Իտալիոյ Ժամանակակից Հնգամարտի Համադաշնութեան ղեկավարները և ազգային հաւաքականի մարզիկները
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ 10 Փետրուարին, ընդունեց Իտալիոյ Ժամանակակից Հնգամարտի Համադաշնութեան ղեկավարները և ազգային հաւաքականի մարզիկները:

Անոնց ուղղուած իր խօսքին մէջ Պապը նշեց, թէ ինք առաջին անգամն է որ կը հանդիպի հնգամարտի մարզիկի մը և նկատել տուաւ, որ տարբեր հմտութիւններ և մարզանքներ պահանջող անոր հինգ մարզաձևերը. սուսերամարտ, լող, ձիավարութիւն, հրաձգութիւն և վազք, մարզիկին բազմակողմանի և դիւրավարժ դիմագիծ կը հաղորդեն՝ զարգացնելով մարմնի և մտքի տարբեր կողմերը։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հնգամարտի դաստիարակչական բնոյթը, քանի որ «կեանքին մէջ ևս կոչուած ենք ի գործ դնել մեր տարբեր հարթութիւնները՝ ըստ իրավիճակներու, յարաբերութիւններու, պահերու և այլն»։

Կայունութիւն ճկնութեան մէջ

Թուաբանութեան մէջ հանճարը, եթէ այլ բանի ընդունակ չէ կեանքին մէջ խնդիրներ կ’ունենայ, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը և աւելցուց, որ գերազանցութիւնը չորոշեր կեանքի որակը, ան կախում ունի տարբեր իրավիճակներու լաւ միջինէն:

«...Բազմակողմանի անհատականութեան արժէքը կ’ենթադրէ ամուր միասնութիւն, ամուր առանցք, մեծ համախմբութիւն և, միևնոյն ժամանակ, փոխուելու, յարմարուելու, շարժելու կարողութիւն… Դա կայունութիւն է ճկունութեան մէջ», յարեց Սրբազան Քահանայապետը

Մարզանքը կրնայ օգնել կեանքի տարբեր ասպարէզներէն ներս

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց մարզիկներուն՝ իրենց օրինակով ըսուածի ապացոյցը ըլլալու համար և աւելցուց, թէ «մարզանքը որ է համբերութիւն, ստեղծագործութիւն, հաստատակամութիւն կը սորվեցն, կրնայ օգնել կատարելագործուելու կեանքի տարբեր ասպարէզներէն ներս՝ ընդհուպ մինչև հոգևոր հարթութիւնը»:

«Մարդու կեդրոնի մէջ կայ սիրտ՝ ոչ թէ մարմնական, այլ խորհրդանշական իմաստով, որ գիտէ ստանալ և տալ սէր: Եւ գիտեմ, որ դուք՝ որպէս Համադաշմներ, կը ջանաք յանձնառու ըլլալ այս հարթութեան ծիրէն ներս՝ նաև զօրակցութեան առարկայական արարքներով», որ «աւելի պահանջկոտ մրցարշաւ մըն է, բայց որուն պարգևը կը լեցնէ կեանքը և կը տեւէ յաւերժ» շեշտեց աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը՝ ի նկատի ունենալով նաեւ Համադաշնութեան՝ «Մանուկ Յիսուս» մանկական հիւանդանոցին ցուցաբերած աջակցութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2023, 12:22