Որոնել

Թուրքիա երկրաշարժի հետեւանքները Թուրքիա երկրաշարժի հետեւանքները  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը ի զօրակցութիւն Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ

Ֆրանչիկոս Պապ աղօթեց Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ժողովուրդներուն, զոհերու ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց համար, որոնք կը տառապին այս աւերիչ աղէտին պատճառաւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ յղեց, որուն մէջ յիշեց Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժէն տառապած ժողովուրդները։

Կոչին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.

«Այս պահուն իմ միտքս կ՝երթայ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ երկրաշարժէն ծանրապէս տուժած  ժողովուրդներուն, որ պատճառ դարձաւ հազարաւոր մեռեալներու եւ վիրաւորներու։ Մեծ յուզումով կ՛աղօթեմ անոնց համար եւ իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ այդ ժողովուրդներուն, զոհերուն ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին այս աւերիչ աղէտին համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց օգնութեան հասնող կազմակերպութիւններուն ու անձերուն ըսելով. «Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք ջանքեր կը գործադրեն օգնութեան հասնելու համար եւ կը քաջալերեմ զօրակցութիւն ցուցաբերել այդ տարածքներուն, որուն մաս մը արդեն նահատակուած է երկար պատերազմէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչը աւարտեց խնդրելով աղօթել, որպէսզի այդ եղբայրներն ու քոյրերը յառաջ ընթանան յաղթահարելով այդ ողբերգութիւնը ու Տիրամայրը պաշտպանէ զանոնք։

Կոչի աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրեց աղօթել, ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը։

Իտալացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ան ապա խնդրեց չմոռնալ Ուքրանիոյ ժողովուրդի տառապանքը, «նահատակուած պաղով, առանց ջերմութեան, առանց լոյսի, պատերազմի մէջ» ըսաւ Ան, եւ  ինչպէս միշտ ողջունելով երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները  եւ նորապսակները, նշեց, որ «կը գտնուինք Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնակատարութեան իննօրեայ պատրաստութեան մէջ, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 11 փետրուարին, հայցելով Անարատ Յղութեան Տիրամօր հովանին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2023, 11:16