Որոնել

TOPSHOT-SYRIA-QUAKE

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ ահեղ երկրաշարժին առիթով

Երկրաշարժի զոհերուն շարքին կան նաեւ հայորդիներ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ վնասուած են հայկական բազմաթիւ կառոյցներ ինչպէս հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանն ու Կիլիկեան վարժարանը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 6 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող, երկու ցաւակցական հեռագիրեր յղեց ուղղուած Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Պապական նուիրակներուն, այս երկիներուն մէջ պատահած մեծ ուժգնութեամբ աղէտալի երկրաշարժին առիթով։

Հեռագիրերը ուղղուած են Թուրքիոյ մէջ առաքելական Նուիրակ Գերապայծառ Մարէք Սոլչինսքիին ե Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարիին, որոնց մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր խորին ցաւը կ՜արտայայտէ ի տես ահաւոր երկրաշարժին իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ զոհերու հոգւոյն հանգստեան համար ու բոլոր անոնց` որոնք կ՛ողբան անոնց մահը։

Նորին Սրբութիւնը Աստուծոյ սիրոյն ու նախախնամութեան կը յանձնէ բոլոր տուժողները ու յատուկ աղօթքներ կը վերապահէ նաեւ շտապ օգնութիւն մատուցողներուն, Աստուածային մխիթարութիւնը հայցելով բոլորին վրայ։

Նշենք թէ Կիրակի լոյս երկուշաբթի գիշերը, ժամը 2.17էն սկսեալ տեղի ունեցան անընդհատ ցնցումներ, որոնք ամենաուժեղը 7.8 ուժգնութեամբ էր, Թուրքիոյ հարաւային եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու սահմանագիծին վրայ։

Բազմաթիւ շէնքեր փուլ եկան եւ զոհերուն թիւը ժամէ ժամ կ՛աճի մինչ շատեր կը գտնուին փլատակներուն տակ։ Ցնցումը զգացուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ։

Երկրաշարժի զոհերուն շարքին կան նաեւ հայորդիներ ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ վնասուած են հայկական բազմաթիւ կառոյցներ ինչպէս հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին, Հալէպի Մխիթարեան վարժարանն ու Կիլիկեան վարժարանը։

Եւրոպական Քարիթասը և Իտալիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը արդեն 500 հազար եւրօ յատկացուցին որպէս շտապ անմիջական  օգնութիւն երկրաշարժէն տուժածներուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2023, 14:16