Ֆրանչիսկոս Պապ նշանակեց Հռոմի թեմի վերահսկիչ յանձնաժողովի վեց անդամներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անցեալ 6 յունուարին, Ecclesiarum Communione, առաքելական նամակով մը հիմնեց Հռոմի թեմի համար վերահսկիչ ներքին մարմին մը, որ կանչուած է հսկելու թեմին վարչական, տնտեսական եւ աշխատանքային առաջընթացը։ Վերահսկիչ մարմնի անդամները կանչուած են ամէս ամիս հաւաքուելու եւ տարին մէկ անգամ զրուցելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։
Չորեքշաբթի, 15 Փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նշանակեց վեց անդամներ վերոյիշեալ յանձնաժողովին, որոնց շարքին կին փաստաբանուհի ու հրապարակուեցաւ յանձնաժողովի կանոնագիրքը որով սկիզբ առին մարմնի գործունէութիւնները։
Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ վաւերացուած կանոնագիրքին մէջ նշուած է, որ վերահսկիչ յանձնաժողովին հիմնական պարտականութիւններուն շարքին կայ նաեւ ստուգել աշխատանքային յարաբերութիւններուն կանոնաւորութիւնն ու առաջընթացը ինչպէս նաեւ համագործակցութեան պաշտօնները, ստուգել անշարժ գոյքի եւ հարստութիւններու ճիշդ կառավարումը, ինչպէս նաեւ ընկերութիւններուն, հիմնադրամներուն եւ հիմնարկներու մէջ ճիշդ մասնակցութիւնները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ