Որոնել

«Ամէն ինչ ընել աղքատներուն համար. Իշխանութիւնը ծառայութիւն է». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը Քինշասայի մէջ հանդիպում ունեցաւ բարեգործական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս` չորեքշաբթի մէկ փետրուարի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապը Քինշասայի առաքելական Նուիրակութեան մէջ ընդունեց Երկրին մէջ գործող բարեգործական վեց հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, անոնց ուղղելով իր պատգամը։

Բարիքը կ՛աճի լռութեան մէջ

«Այս երկրին մէջ, որտեղ այնքան բռնութիւն կայ, որ կը հնչէ նման կոտրուած ծառի որոտ, դուք այն անտառն էք, որ ամէն օր կ՛աճի լռութեան մէջ և օդը կը դարձնէ աւելի լաւ շնչելի», ըսաւ Քահանայապետը ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին սկիզբը, նկատել տալով, որ «բարիքն ալ կ՛աճի պարզութեան մէջ, այն ձեռքերով եւ սրտերով, որոնք մղուած են ուրիշներուն, փոքր քայլերու քաջութեան մէջ, Յիսուսին անունով դիւրաբեկներուն մօտենալու համար», յարեց Ան, ակնարկելով բարեգործական հաստատութիւններուն ներկայացուած վկայութիւններուն, ուր «քնքշութեամբ կը խօսուի աղքատներու մասին», «դէմքերու եւ անուններու» մասին որոնց մէջ կը ճանչնան Յիսուսին դէմքը։

Տէրը կը սիրուի աղքատներուն մէջ

«Տէրը կը փնտռուի եւ կը սիրուի աղքատներուն մէջ եւ որպէս քրիստոնեաներ պէտք է ուշադիր ըլլանք եթէ անոնցմէ հեռանանք», նկատել տուաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով, թէ ինչպէս մինչ շատեր կ՛անտեսեն եւ աշխարհը կը շահագործէ աղքատները, բարեգործական հաստատութիւնները զանոնք կը խթանեն։

Խթանել զարգացումն ու յոյսը, ձայն տակ ձայն չունեցողներուն

«Ես կ՛ուզեմ ձայն տալ ձեր գործունէութեան, խթանել Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան եւ այս ցամաքամասին մէջ զարգացումն ու ու յոյսը։ Այստեղ եկայ ոգեւորուած այն իղձով` ձայն տալու անոնց, որոնք ձայն չունին։ Եւ որքան պիտի ուզէի, որ լրատուամիջոցները աւելի տեղ նուիրէին այս Երկրին ու համայն Ափրիկէին։ Որպէսզի ճանչցուին ժողովուրդները, մշակոյթները, այս երիտասարդ Ցամաքամասին տառապանքներն ու յոյսերը։ Այստեղ պիտի վերագտնէինք անծայրածիր տաղանդներ եւ մարդկային ու քրիստոնէական իսկական վեհանձնութեան պատմութիւններ, որոնք ծնունդ առած են հարազատ մթնոլորտի մէջ, որ կը ճանչնայ աւելիով փոքրերուն, տարեցներուն եւ արարչութեան նկատմամբ յարգանքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով Պապական Նուիրակութեան, որ «Քահանայապետին Տունն է», եւ որ պէտք է ըլլայ մարդկային խթանումին ուժեղացուցիչը, եղբայրսիրութեան խաչմերուկ, ողորմութեան դիւանագիտութեան առաջնագիծ։

Քահանայապետին Տունը

«Այս տունը տասնեակ տարիներէ ի վեր մօտիկութեան ներկայութիւն է, որուն բացումը կատարուեցաւ ինիսուն տարիներ առաջ որպէս առաքելական պատուիրակութիւն եւ մօտ օրէն պիտի տօնախմբէ իր Նուիրակութիւն կարգավիճակի վաթսուն ամեակը» ըսաւ Սրբազան Պապը որ ապա վերադառնալով ներկայացուած վկայութիւններուն, յարեց թէ անոնք իրեն լաց կը յառաջացնեն, ի տես տառապող անձերուն, որոնք յանձնուած են ընդհանուր անտարբերութեան ու ենթարկուած ֆիզիկական բռնութիւններու։

Միայն արժանապատւութիւն շնորհելով է, որ կը վերաշնորհուի մարդկայնութիւնը

Քահանայապետը առ այդ ակնարկեց բորոտութենէ տառապող ներկայի մը վկայութեան, որ մինչեւ օրս ենթարկուած է խտրականութեան ու ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ իւրաքանչիւր անձ, որ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերին համաձայն, կը ցոլացնէ լուսաւոր կրակ մը, զոր միայն սէրը կարող է անոր վրայէն վերցնել ծածկող մոխիրը, միայն արժանապատւութիւն շնորհելով է որ կը վերաշնորհուի մարդկայնութիւնը») յարեց Քահանայապետը տխրութիւն արտայայտելով նաեւ ի տես անտեսուած մանուկներուն ու տարեցներուն եւ այս մէկը նկատելով «վնասակար ընկերութեան համար», որովհետեւ «ընկերութիւն մը կը կառուցի մեկնելով ճիշտ տարեցներուն ու մանուկներուն ցուցաբերուած խնամքէն ու արմատներու եւ ապագային նկատմամբ հոգատարութենէն»

Կ՛արժէ գործել բարեսիրական մարզէն ներս

Սրբազան Պապը հուսկ ներկաներուն հետ կիսեց երկու հարցականներ` առաջինը եթէ կ՛արժէ յանձնառու ըլլալ բարեգործական ասպարազէն ներս, կտրուկ աճած կարիքներու ովկիանոսին մէջ եւ ասկէ մեկնելով դիտել տուաւ, որ հակառակ մեր մարդկային սահմանափակումներուն Տէրը թիկունք կը կանգնի մեզի եւ անկարողութեան ու անտարբերութեան անապատին մէջ, ցաւերու ծովուն մէջ, կարելի է բացայայտել, որ Աստուած մեզ չէ մոռցած ու մեզի կ՛ուղարկէ անձինք, որոնց դիմագիծին մէջ կրնանք բացայայտել Յիսուսին դիմագիծը։

Իշխանութիւնը ծառայութիւն է

Սրբազան Պապը շեշտեց, թէ կ՛արժէ յանձնառու ըլլալ եւ լաւ նշան մըն է, որ Իշխանութիւնները եւս ճանչցան եւ արժեւորեցին գործունէութիւնն անոնց, որոնք յանձնառու են ընկերային եւ բարեսիրական մարզերուն մէջ։ Թէեւ կարելի չէ այս մէկը ձգել միայն կամաւորներու հոգատարութեան ու պէտք է ըլլայ Կառավարիչներուն առաջնահերթ պարտականութիւնը, աւելցուց Ան հաստատելով, որ «իշխանութիւնը ծառայութիւն է»։

«Աղքատութեան պատճառը այնքան ալ ապրանքներու եւ հնարաւորութիւններու բացակայութիւնը չէ, որքան անոնց անհաւասար բաշխումը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, նշելով որ «Ան որ հարուստ է , մանաւանդ երբ քրիստոնեայ է, կոչուած է կիսելու իր ունեցածը անոնց հետ որոնք զուրկ անհրաժեշտ կարիքներէն»։ «Ասիկա բարութեան հարց չէ, այլ արդարութեան հարց է։ Մարդասիրութիւն չէ, հաւատք է. որովհետև, ինչպէս գրուած է Սուրբ Գիրքին մէջ «հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Հակ 2.26):

Օրինակելի բարեսիրութիւն

Քահանայապետը առ այդ այլ հարցում մը ուղղեց, այն է ի՞նչպէս կատարել բարեգործութիւնը, ի՜նչ չափանիշերու հետեւիլ, որպէսզի, ըսաւ Ան «Յիսուսին ծառայելը աղքատներուն մէջ ըլլայ միշտ աւելի պտղաբեր վկայութիւն» եւ ասկէ մեկնելով նշեց, որ բարեսիրութիւնը պէտք է նախ ըլլայ օրինակելի։

«Անիկայ կեանքի ոճ մըն է, Աւետարանը ապրիլն է։ Ասոր համար հարկաւոր է հաւատալիութիւն ու թափանցիկութիւն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով ծրագիրներու ֆինանսական մատակարարումներուն ու նաեւ «պատշաճ եւ որակաւոր ծառայութիւններ» մատուցելու յանձնառումին։

Հեռատեսութիւն

Երկրորդ կէտը հեռատեսութիւն է, ըսաւ Ան. Նայիլ անմիջական պահանջներէն անդին եւ «փոխանակ ապրանքներ բաշխելու, որոնք միշտ ալ անհրաժեշտ պիտի ըլլան, աւելի լաւ է փոխանցել գիտելիքն ու գործիքները, որոնք զարգացումը ինքնավար և կայուն կը դարձնեն» ընդգծեց ի միջի այլոց Քահանայապետը ակնարկելով երկրի մէջ առողջապահական մարզէն ներս «կաթողիկէ առողջապահութեան» սատարին, որ բնակչութեան սփոփանք եւ յոյս կը պարգեւէ, ձրիութեամբ եւ լրջութեամբ հոգ տանելով տառապողին։

Կապը, ցանցը

Երրորդ ու վերջին կէտը «կապն» է, յարեց Նորին Սրբութիւնը. «Հարկաւոր է ցանց կազմել ոչ միայն «վիրթուալ» գետնի վրայ այլ գործնականին մէջ։ Ցանց կազմել աշխատիլ միասին, ներդաշնակ ըլլալ իրարու միջեւ, տեղական Եկեղեցիներուն հետ հաղորդութեան մէջ։ Աշխատիլ միասին իւրաքանչիւրը իր խարիզմով բայց միասին, կապուած, կիսելով հրատապութիւնները, առաջնահերթութիւնները, կարիքները, առանց փակումի եւ ինքնահաճութեան, պատրաստ աջակցելու միւս քրիստոնեայ հասարակութիւններուն եւ այլ կրօններուն ու Երկրին մէջ ներկայ բազմաթիւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։

«Այս ամէնը ընել աղքատներուն բարիքին համար» շեշտեց Քահանայապետը ու խօսքը աւարտեց օրհնելով ներկաները ու խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2023, 19:24