Որոնել

«Երբ սէրն է կեդրոնը, բոլոր որոշումները պտղաբեր կ՛ըլլան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քինշասայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ Սրբազան Պապը հանդիպեցաւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան Վարչապետին հետ ապա հիւրընկալեց Կաթողիկէ Համալսարաններու 38 համալսարանական ուսանողներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 2 Փետրուար 2023ին, Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը, Նահատակներու մարզադաշտին մէջ հանդիպելէ ետք երկրին երիտասարդներուն եւ կրօնուսոյցներուն, Քինշասայի Առաքելական

Նուիրակութեան մէջ, ժամը 11ի ժամանակները, ունկնդրութիւն շնորհեց Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան Վարչապետ` Տիար Ժան Միշել Սամա Լուքոնտէին ու անոր ընկերացող ընտանեկան պարագաներուն, ապա հանդիպում ունեցաւ Քոնկոյի Կաթողիկէ համալսարաններու 38 ուսանողներու հետ, որոնց կ՜ընկերանար Յիսուսեան` Հայր Թուսսըն Քաֆարհիրէ Մուրհուլան։

Երկրի տարբեր վայրերէն ժամանած երիտասարդները մաս կը կազմէին այն երիտասարդներու խումբին, որոնք անցեալ մէկ նոյեմբերին առիթը ունեցած էին զրուցելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ` «կամուրջներ կառուցել Ափրիկէի միջոցաւ» խորագիրով սիւնհոդոսական հանդիպումին առիթով, որ տեղի ունեցած էր հերակապով։

Քահանայապետին հետ հանդիպումի ընթացքին երիտասարդները Նորին Սրբութեան ներկայացուցին երգ մը, յօրինուած Յիսուսեան Միաբանութեան Քոնկոյի մասնաճիւղի մեծաւորին կողմէ, որուն բառերը քաղուած էին Քահանայապետին` 23 նոյեմբեր 2017ին արտասանած քարոզէն, զոր Ան ներկայացուցած էր Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան եւ Հարաւային Սուտանի համար խաղաղութեան աղօթքին ընթացքին եւ զոր գլխաւորած էր Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա երիտասարդներուն ուղղեց սրտէն բխած խօսքեր, անոնց ցոյց տալով մարտահրաւէրը որուն առջեւ կը գտնուին իրենց կեանքի այս հանգրուանին, այսինքն «սիրոյ որոշումը, կեանքը նուիրել սիրոյն», որովհետեւ ըսաւ Ան «Երբ սէրն է կեդրոնը, բոլոր որոշումները պտղաբեր կ՛ըլլան»։

Քահանայապետը ապա անգամ մը եւս անդրադարձաւ Երկրին արեւելեան շրջանին մէջ տեղի ունեցած բռնութիւններուն ակնարկելով երէկ` նոյն վայրին մէջ բռնութեան զոհերուն հետ ունեցած յուզիչ ու ցնցող հանդիպումին։ Ան ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց իր հիւրերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2023, 13:03