Որոնել

2023.02.22 messaggio del Papa per la Campagna della Fraternità in Brasile

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թշուառութեան մէջ ապրողները մեզմէ տարբեր չեն, անոնք մարմին ու արիւն ունին»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ Մեծ պահքի շրջանին սկիզբը, եղբայրութեան արշաւ ձեռնարկին մեկնարկի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 22 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Պրազիլի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ Մեծ պահքի շրջանին սկիզբը, եղբայրութեան արշաւ ձեռնարկին մեկնարկի առիթով։

Պատգամին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ ամէն տարի մեծ պահքի շրջանին, Աստուծոյ կողմէ կանչուած ենք հետեւելու իսկական, անկեղծ ապաշխարութեան ուղիի մը, մեր բոլոր կեանքը կեդրոնացնելով Անոր հանդէպ, որ շատ սիրելով աշխարհը տուաւ իր Միածին Որդին, որպէսզի ան, որ իրեն հաւատայ չմեռնի եւ յաւիտենական կեանք ունենայ։ (Յովհ 3.16), ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այս տարուն եղբայրութեան արշաւը հաւատարիմ ժողովուրդը մղելու համար դէպի Տիրոջ այդ ուղեւորութեան կ՝առաջարկէ մեր հայեացքը սեւեռել դէպի կարիքաւոր եղբայրներուն, որոնք խորապէս ազդուած են սովի պատուհասէն։

Անօթութիւնը ոճրագործութիւն է

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց , որ այսօր միլիոնաւոր անձեր կը տառապին ու անօթութենէն կը մեռնին։ Սակայն այլ տեղ կը սպառուին անթիւ սննդեղէն, այն ինչ մը, որ մեծ գայթակղութիւն մը է, «անօթութիւն ոճրագործութիւն է, սնունդը անքակտելի իրաւունքն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա մէջբերելով Մատթէոս աւետարանին մէջ նշուաշ է Յիսուսի առաքեալներու փոխանցած պարտականութիւնը, «կերակուր տուէք անոնց» (Մատթ 14,16), Սրբազան հայրը նշեց, որ Յիսուսի այդ խօսքը այսօր ուղղուած է իր առաքեալներուն որպէսզի կիսեն այն ինչ որ ունին եղբայրներու հետ ,որոնք զերծ են ամէն բանէ կշտանալու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նշեց, թէ իր մեծ փափաքն է որ սովի նիւթը առաջարկուած կաթողիկէ Պրազիլցիներուն քառասնորդացի շրջանին, առաջնորդէ ոչ միայն շօշափելի գործողութիւններուն, այլեւ բոլորին մէջ արթնցնէ այն գիտակցութիւնը թէ պարգեւներու բաժնեկցութիւնը որ Տէրը կը շնորհէ իր բարութեան մէջ չկրնար սահմանափակուիլ պահու մը մէջ կամ արշաւի մը մէջ, այլ պէտք է ըլլայ մշտական կեցուածք մը, որ մեզ յանձնառու կը դարձնէ քրիստոսի հետ, որ ներկայ է բոլորին մէջ որոնք կը տառապին անօթութենէն։

Աշխատիլ բոլորս միասին, արմատախիլ ընելու համար սովի պատուհասը

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ այդ անձնական խիղճի գիտակցութիւնը արձագանքուի թեմական ժողովրդապետութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան հաստատութիւններուն մէջ, որպէսզի աշխատելով բոլորս միասին, արմատախիլ ընենք սովի պատուհասը Պրազիլի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուեց միշտ յիշել որ թշուառութեան մէջ տառապողները տարբեր չեն մեզմէ։ Ունին միեւնոյն մարմինը եւ միեւնոյն արիւնը ու արժանի են բարեկամի մը ձեռքին օգնելու համար, որպէսզի ոչ մէկը յետին մնայ ու եղբայրութեան աշխարհի մէջ ունենան քաղաքացիութեան իրաւունքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց յանձնելով բոլորին Ափարեսիտա Տիրամօր խնամքին ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը Պրազիլի եղբայրներու եւ քոյրերու յատուկէն բոլոր անոնց որոնք անխոնջութեամբ կ՝աշխատին որպէսզի ոչ մէկը անօթի մնայ, խնդրեց որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2023, 14:45