Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմը կ՝ոչնչացնէ ամէն ինչ, եկէք նայինք Ուքրանիոյ եւ չ՝ամչնանք տառապելէ»
Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի առաջին տարուան առիթով, Ուրբաթ, 25 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ներկայ գտնուեցաւ, բեմավար Afineevsky նախաձեռնութեամբ"Freedom on Fire: Ukraine’s Fight for Freedom” վաւերագրականն Ֆիլմի ցուցադրութեան։
Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նստած էր վերջին շարքին վրայ իր կողքին մանուկ մը։ Վաւերագրական Ֆիլմին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց ֆիլմի կարգ մը դերակատարները, ինչպէս Azovstal զինուորին մայրը եւ պողպատի գործարանի մայրը, ողջունեց նաեւ ֆիլմի ցուցադրութեան մասնակցած աւելի քան 240 հիւրեր՝ գաղթականներ, կարիքաւոր անձեր, եւ Հռոմի մէջ հաստատուած Ուքրանիոյ հասարակութեան անդամները, որոնց ընկերացած էին բարեգործական հասարակութեան ներկայացուցիչներ ու ողորմնաբաշխ կարդինալ Քոնրատ Քրայեվսիքին։
Ֆիլմի ցուցադրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելէ ետք խնրեց ներկաներէն որ աղօթեն Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտին համար։
Արտասանած աղօթքի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Տիրոջմէ հայցեց, որ բուժէ մարդկութիւնը ատելութեան հոսանքէն պատերազմներու պատճառ կը դառնայ։
«Երբ Աստուած մարդը ստեղծեց, ըսաւ որ մարդը հողը առնէ , աճեցնէ ու գեղեցկացնէ զայն։ Պատերազմին հոգին ճիշդ հակառակն է. կործանել, կործանել, արգելք հանդիսանալ աճումին եւ կործանել ամէն ինչ՝ այր մարդիկ , կիներ տարեցներ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով «Այսօր, այս պատերազմին առաջին տարեդարձն է, աղօթենք Ուքրանացիներու համար եւ բանանք մեր սիրտը ցաւին։ Չ՝ամչնանք տառապելէ եւ ողբալէ, որովհետեւ պատերազմը քանդում է ։ Պատերազմը միշտ մեզ կը փոքրացնէ, Թող Աստուած մեզ ասիկա հասկցնէ ։
ֆրանչիսկոս Պապ աղօթքին մէջ խնդրեց Աստուծմէ, որ «նայի մեր թշուառութիւններուն, մեր վէրքերուն, մեր ցաւին, մեր անձնասիրութեան, մեր ցած շահերուն, եւ կործանումի մեր կարողութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց Տիրոջմէ որ ամոքէ մեր սիրտի վէրքերը, մեր միտքի վէրքերը, մեր աչքերը որպէսզի անոնք կարենան տեսնել գեղեցկութիւնը։
Ֆիլմի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ Տոմուս Սանթա Մարթա տուն երթալէ առաջ հանդիպեցաւ կնոջ մը հետ, որ մայրն է Ուքրանացի զինուորի մը, որ գեռի բռնուած է Ռուս զինուորներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ մէջ պողպատի ընկերութեան տիրոջ հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ