Որոնել

Ուքրանիոյ մէջ մէկ տարուայ պատերազմ. Քահանայապետին ցաւը, կոչերն ու աղօթքները

«Աւերներու վրայ կառուցածը երբեք իսկական յաղթանակ չի կրնար նկատուիլ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մօտիկ մնանք Ուքրանիոյ ժողովուրդին, որ կը շարունակէ տառապիլ եւ մենք մեզի հարց տանք. Ամէն կարելին կատարուեցա՞ւ պատերազմը կասեցնելու համար»։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչերէն վերջինն է սա, զոր Ան կատարեց անցեալ չորեքշաբթի օր` հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին։ Կոչ` որ ուղղած է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատումին համար, զոր Ան կրկնեց գրեթէ ամէն օր, ամէն մէկ հանրային հանդիպումի առթիւ եւ որ մէկ տարիէ ի վեր կարծես անլսելի կը մնայ։

Խաղաղութեան Աստուծոյ առջեւ խղճի քննութիւն

Մէկ տարի առաջ` 24 փետրուար 2022ին երբ աշխարհը դուրս կու գար համավարակի փոթորիկէն, Ուքրանիոյ մէջ սկիզբ կը տրուէր Ռուսիոյ դաշնութեան զինեալ ուժերու Ուքրանիոյ դէմ յարձակումին։ Մէկ օր առաջ Սրբազան Պապը կոչ ուղղած էր ակնարկելով. «Կացութեան վատթարացումին» ու խօսքը ուղղելով քաղաքական պատասխանատուութիւն ունեցողներուն, հրաւէր ուղղած էր «Աստուծոյ առջեւ խղճի լուրջ քննութիւն մը կատարելու». «Աստուած` որ խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի Աստուած է» ըսած էր Ան։ Սակայն այդ օր եւս գերակայեց զէնքերու տրամաբանութիւնը եւ Սրբազան Պապին աղերսը մնաց անլսելի, մինչ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը կը յայտարարէր թէ Սուրբ Աթոռը պատրաստ է ամէն ինչ կատարելու եւ միջնորդ հանդիսանալու, որպէսզի խթանուի երկխօսութեան եւ համագործակցութեան գործընթաց մը։

Աղօթք ու ծոմապահութիւն

Պատերազմի սկիզբէն մի քանի օրեր ետք` 27 փետրուարի Մարեմեան աղօթքին առիթով Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց աղօթելու եւ Աստուծմէ հայցելու «խաղաղութեան պարգեւը»։ Ան ապա 2 Մարտը հռչակեց աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր` Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար եւ աղօթքին հետ միատեղ Քահանայապետը խնդրեց զօրակից ըլլալ Ուքրանիոյ ժողովուրդին խնդրելով նաեւ, որ բացուին մարդասիրական միջանցքներ, պաշարուած անձանց օգնութիւններ ապահովելու համար։

Քահանայապետին ներկայացուցիչներ Ուքրանիոյ մէջ

Քահանայապետը առ այդ Ուքրանիա ուղարկեց զինք ներկայացնող երկու պատգամաւորներ` Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին եւ Կարդինալ Միքայել Չեռնին` «ծառայելու եւ օգնելու ժողովուրդին» ու այնտեղ տանելու Սրբազան Պապին մօտիկութեան արտայայտութիւնը։

Պատերազմը` անհեթեթութիւն

6 մարտ 2022ի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Սրբազան Պապը հաստատեց, թէ «Պատերազմը անհեթեթութիւն է։ Կանք առէք։ Կ՛աղաչեմ» ըսաւ Ան։

«Վերջ տալ պատերազմին» այս եղաւ եւ կը շարունակէ ըլլալ Ֆրանչիսկոս Պապին կամքն ու իղձը. «Յանուն Աստուծոյ կը խնդրեմ դադրեցուցէք այս մարտիրոս երկրին ջարդը», ըսաւ Ան 13 Մարտ 2022ի Մարեմեան աղօթքի աւարտին եւ նոյնը կատարեց յաջորդ օրերուն, շաբաթներուն եւ ամիսներուն ընթացքին ի գործ դնելով նաեւ Վատիկանեան դիւանագիտութեան մեքենան, որուն ծիրէն ներս Ան առցանց հանդիպում ունեցաւ Քիրիլ Պատրիարքին հետ։

Մաս մաս համաշխարհային Գ պատերազմ

Բայց պատերազմը կանգ չ՛առաւ ու շարունակուեցաւ, եւ շարունակական եղան նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը, որոնք կրկնուեցան ամէն կիրակի, Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին, ընդգծելով պատերազմին անմարդկայնութիւնը, անոր սրբապիղծ բնոյթը, անոր պատճառած աւերներն ու մահերը, զրկանքները` որոնց թիրախը եղան ու կը շարունակեն ըլլալ մանուկներն ու տարեցները եւ համայն անմեղ ընտանիքներ։

Ազատէ մեզ պատերազմէն

Նորին Սրբութիւնը յաճախ կրկնեց, թէ մենք կ՛ապրինք համաշխարհային երրորդ պատերազմը, որ կը կատարուի մաս մաս, ապա 25 մարտ 2022ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ յատուկ մէկ արարողութեամբ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ժողովուրդները ու համայն մարդկութիւնը նուիրագործեց Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի սրտին. «Ազատէ մեզ պատերազմէն, աշխարհը պահպանէ միջուկային զէնքի սպառնալիքէն...այնպէս ըրէ, որ դադրի պատերազմը եւ աշխարհին ապահովէ խաղաղութիւն»։

Ամէն օր աղօթել վարդարանը

2022ի Սուրբ Զատկուայ տօնը եւս նոր առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի Նորին Սրբութիւնը նորոգէ իր խաղաղութեան ի նպաստ կոչը ու յանձնարարէ «չվարժուիլ պատերազմին» եւ յանձնառու ըլլալ ի սպաս խաղաղութեան։

8 Մայիսին, Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ան անգամ մը եւս Տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցելով դարձեալ հրաւէր ուղղեց «վստահելու աղօթքին` ու մասնաւորապէս ամէն օր աղօթելու սուրբ վարդարանը»։

Ցորենը զէնքի չի վերածել

Նորին Սրբութեան կոչերու շարքին եղաւ նաեւ Ուքրանիոյ ցորենը, որմէ կախեալ է միլիոնաւոր անհատներու կեանքը, չի շահագործել որպէս պատերազմի զէնք»։ Ան ապա Յունիս ամսուայ ընթացքին կատարած տարբեր կոչերուն առիթով հրաւիրեց հարց տալ «ես ի՞նչ կ՛ընեմ այսօր ուքրանիոյ ժողովուրդին համար» ու 23 Յունիսին խնդրեց` որ «զէնքերը տեղ տան ու սկսին բանակցութիւնները»։

Ելքի միակ ճամբան խաղաղութիւնն է

Պատերազմի սկիզբէն վեց ամիս ետքը` 24 օգոստոս 2022ին Քահանայապետը անգամ մը եւս շեշտեց որ «պատերազմը խելագարութիւն է» ու թէ «անոր սուղ գինը կը վճարեն անմեղները», մինչ սեպտեմբեր ամսուայ մէջ Ղազախստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին Ան հաստատեց թէ «ելքի միակ ճամբան խաղաղութիւնն է եւ այս խաղաղութեան հասնելու համար միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է»։

Խաղաղութեան արհեստաւորներ

Սեպտեմբեր ամսուայ աւարտին` Սսսիզի քաղաքին մէջ գումարուած «Economy of Francesco» ձեռնարկին առիթով Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն նշեց. «մեր սերունդը ձեզի թողուց բազմաթիւ հարստութիւններով ժառանգութիւն մը, բայց չի գիտցանք պաշտպանել մոլորակը եւ այժմ չեն պահպաներ խաղաղութիւնը»։ «Դուք կանչուած էք ըլլալու խաղաղութեան արհեստաւորներ եւ հասարակաց տան կառուցողները»

2 Հոկտեմբեր 2022ին Քահանայապետը Մարեմեան Աղօթքի իր խորհրդածութիւնը յատկացուց յատուկ կոչի մը` ուղղուած Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներուն անոնցմէ խնդրելով վերջ տալ պատերազմին ու բաց ըլլալ խաղաղութեան առաջարկներուն։

Բանալ խաղաղութեան արահետներ

Այս մէկ տարուայ ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր սէրը արտայայտեց նաեւ ռուս ժողովուրդին նկատմամբ մինչ իր կոչերուն առարկան դարձան երկու երկիրներուն մանուկներն ու անմեղ զոհերը, որոնք ամենամեծ տուժողներն են պատերազմի դաժանութենէն։ Անոր կոչը ապա եղաւ նաեւ համամիութենական եւ միջ կրօնական, որով Նորին Սրբութիւն հաստատեց, թէ կրօնները պէտք է ամէն կարելին ընեն կանգնեցնելու համար պատերազմը եւ բանալու խաղաղութեան արահետներ։

Քահանայապետին արցունքները

8 դեկտեմբեր 2022ին Անարատ Յղութեան տօնին օրը Հռոմի Սպանիա հրապարակին վրայ զետեղուած Աստուածամօր արձանի ոտքին աղօթքի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը չկարողացաւ զսպել իր արցունքները իր աչքին առջեւ ունենալով պատերազմի դաժանութեան զոհերը ու մանաւանդ մանուկներն ու անմեղները։

Չպակսեցան ապա Անոր հրաւէրները Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով յիշելու միշտ ուքրանացիները ու անոնց եւս յատկացնելու ծննդեան նուէրներէն մաս մը։

Չկորսնցնել յոյսը

2023 տարին եւս սկսաւ ողբերգական վէրքերով եւ նոր տարուայ առաջին օրը իսկ, զոր Սուրբ Պօղոս Զ Քահանայապետը նուիրեց խաղաղութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց չի կորսնցնել յոյսը եւ վստահիլ «Յիսուս Քրիստոսի, որ մեզի համար բացաւ խաղաղութեան ճանապարհը»։

8 Յունուարի Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը յատուկէն յիշեց ուքրանացի եւ ռուս մայրերը, որոնց զաւակները, որպէս զինուորներ ինկան պատերազմի դաշտին վրայ, նշելով, որ «այս է պատերազմի դաժան գինը» ու հրաւիրեց աղօթել այդ մայրերուն համար, ըլլան անոնք ուքրանացի եւ ռուսահպատակ։

Երկու օր առաջ` 22 փետրուարի հրապարակային ընդհանուր անունկնդրութեան աւարտին իր անվերջ կոչերու վերջինին մէջ Քահանայապետը կոչ ուղղեց «Ազգերու վրայ իշխանութիւն ունեցողներուն, որպէսզի գործնական կերպով յանձնառու ըլլան վերջ դնելու հակամարտութեան, հասնելու զինադադարի եւ սկիզբ տալու խաղաղութեան բանակցութիւններուն» աւելցնելով, որ «[ Աւերներու վրայ կառուցածը երբեք իսկական յաղթանակ չի կրնար նկատուիլ»։ ]

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2023, 09:00