Որոնել

Կրօնաւորուհի Կրօնաւորուհի  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը կրօնաւորներու կեանքի նուիրուած համաշխարհային օրուան առիթով։

Եկեղեցին իր առաջին օրէն առաքելութեան մէջ է՝ առաքուած Յարուցեալ Քրիստոսին կողմէ, որ միշտ եկեղեցւոյ հետ պիտի մնայ, Սուրբ հոգիին զօրութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 2 փետրուարին, Հռոմի «Մարիա Մաճորէ» տաճարին մէջ, կրօնաւորներու նուիրուած համաշխարհային օրուան առիթով, սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց, կրօնաւորական եւ առաքելական կեանքի ընկերակցութիւններու վերատեսչութեան վերատեսուչ, կարդինալ João Braz de Aviz։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին կարդացուեցաւ Ֆրանիսկոս Պապին կրօնաւորական կեանքի համաշխարհային օրուան առթիւ ուղղած պատգամը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ողջունէ համայն աշխարհի մէջ տարածուած կրօնաւորներն ու կրօնաւորուհիները, անդրադառնալով ապա կրօնաւորներու այս տարուան համաշխարհային օրուան նիւթին՝«եղբայրներ եւ քոյրեր առաքելութեան համար»գրեց, թէ այս իր պատգամին ունկնդրութեան ժամանակ, ինք Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւն պիտի գտնուի վստահելով բոլորին աղօթքին ու ապահովուելով իր աղօթքը՝ իւրաքանչիւրին համար ու անոնց հասարակութիւններու կատարած առաքելութեան համար։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ բոլորս միասին եկեղեցւոյ անդամ ենք ու եկեղեցին իր առաջին օրէն առաքելութեան մէջ է՝ առաքուած Յարուցեալ Քրիստոսին կողմէ, որ միշտ եկեղեցւոյ հետ պիտի մնայ, Սուրբ հոգիին զօրութեամբ։

Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ կրօնաւորները Աստուծոյ ժողովուրդին ներքեւ ունին յատուկ դեր մը՝ յառաջացած անոնց ստացած իւրայատուկ պարգեւէն ու կրօնաւորներուն առաքելութիւնը կը հարստանայ իրենց հաստատութիւններուն ու հիմնադիրներուն շնորհապարգեւներով, որոնք առաքելութեան համար են, որպէսզի եկեղեցին կարենայ վկայել եւ Աւետարանը հռչակել ամէն իրավիճակի մէջ։

«Այսօր կը նշենք Հանդիպումի տօնը, Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզի համար ստանայ շնորհքը, որպէսզի կրօնաւորներուն կեանքը միշտ ըլլայ հանդիպում Քրիստոսի հետ ու այսպէս իրեն նման պիտի կարենանք բոլորին փոխանցել իր սիրոյ լոյսը,  իր լոյսը եւ ոչ թէ մերը» գրեց Սրբազան հայրը, Ան պատգամը աւարտեց իր մօտիկութիւնը յայտնելով բոլորին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելով կրօնաւորներու կատարածած առաքելութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցելով եւ Սալուս Փոփուլի Ռոմանի տիրամօր բարեխօսութիւնը հայցելով պատգամը աւարտեց խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/02/2023, 18:26