Կատաղի պատերազմը մանուկներէն խլեց ժպիտը` բայց չկորսնցնենք յոյսը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Իտալական «Canale 5» հեռուստակայանի «Սրտին ճամբորդութիւնները» խորագիրով յայտագիրի ղեկավար` Հայր Տավիտէ Պանծաթօ՝ 18 փետրուար 2023ին եթեր ուղարկուած յայտագիրի ընթացքին ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապին հետ կատարած հարցազրոյցէն հատուածներ, որուն ընդհանուր պարականոնութիւնը լոյս պիտի տեսնէ 21 փետրուարին «Փիեմմէ» հրատարակչատան կողմէ «Փնտռէ Հորիզոնդ. Վերականգնիլ եւ վերամեկնիլ այսօր» խորագիրով։
Յիշողութիւնը
Հարցազրոյցի ընթացքին Քահանայապետը խօսեցաւ զանազան նիւթերու մասին սկսեալ յիշողութենէն, զոր ան նկատեց «շնորհք» մը, որ մեզ կը տանի մեր այժմէականութեան արմատներուն։
Պատերազմը
Յիշողութենէն ու այդ յիշողութեան բարի ու վատ բաներէն մեկնելով Քահանայապետը նշեց թէ ինչպէս համավարակը մեզ տկարացուց ու թէ այժմ կայ պատերազմը, որ իր կարգին խթանեց ֆինանսական եւ տնտեսական տագնապ մը, Եւրոպայի մէջ մարդիկը խուճապի մատնելով։ «Գէշ պահ մըն է, մարդկային ամայութեան պահ մը։ Մահացածներու եւ վիրաւորներու տեսարանները ահռելի են» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը։
Առանց ժպիտի մանուկներ
Ան ապա իր ցաւը յայտնեց ի տես մանուկներուն, «որոնք մոռցան ժպիտը» եւ «անոնցմէ ժպիտը խլելը ողբերգութիւն մըն է» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով` թէ մենք «կ՛ապրինք ժամանակ մը ուր ամենամեծ խանութը, շուկան, դարձած է զէնքերու խանութը»։
Չկորսնցնել յոյսը
Այս ողբերգական իրողութեան դիմաց Քահանայապետը կը խրախուսէ չկորսնցնել յոյսը ու նայիլ տարբեր հորիզոններու մտածելով նաեւ թէ պատմութիւնը մեր հետ չի վերջանար, ու թէ մեզմէ ետք կան այլ սերունդներ։ «Կեանքի հորիզոնը քաջութիւն կու տայ մշտապէս քալելու» յարեց Քահանայապետը։
Հաւատք չունենալը մեղք չէ
Ան խօսեցաւ նաեւ հաւատքի մասին յայտնելով, որ հաւատք չունենալը մեղք մը չէ։ «Հաւատքը Աստուածային պարգեւ է» ըսաւ Ան, յայտնելով թէ «կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք բարի են բայց հաւատքի պարգեւը չունին» եւ «անոնց կ՛ըսեմ բաց պահեցէք դուրը, շարունակեցէք փնտռել» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով, որ կան ապա «քրիստոնեաներ` որոնք շինծու են եւ անոնց կ՛ըսեմ ձեր կեանքը փոխեցէք»։
Հարստութիւնը
Քահանայապետին շօշափած այլ նիւթերէն մին եղաւ հարստութիւնը, որուն մասին արտայայտուելով, Ան ըսաւ թէ հարստութիւնը մեղք չէ, խրատելով լաւապէս օգտագործել այդ հարստութիւնը ու նաեւ գործնականին մէջ ապրիլ սեփական հաւատքը։
Տառապանքը
«Դժուարաւ կարելի է փափուկ դարձնել կարծր սիրտ մը» ըսաւ Քահանայապետը նշելով, որ շատ անգամ Տէրը գէշ իրադարձութիւնները կ՛օգտագործէ փոխելու համար սրտերը։ «Այսօր քանիներ կը տառապին» հարց տուաւ Ան, »քանի մանուկներ ստիպուած են գողութիւն ընել ապրելու համար, քանիներ փախուստ կու տան, նման Յիսուսին, որ փախուստ տուաւ դէպի Եգիպտոս» աւելցուց Սրբազան Պապը Յիսուսին այդ փախուստը ներկայացնելով որպէս շատ մը մարդոց այսօր ապրած իրականութիւն մը։
Աղօթեցէք ինծի համար
Հարցազրոյցի ընթացքին ակնարկ մը կատարուեցաւ նաեւ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ ՔՊապի Քահանայապետութեան տասներորդ ամեակին` որուն տարեդարձը պիտի նշուի յառաջիկայ 13 Մարտին։
«Խեղճ Պետրոս, ի՞նչ տեսակ յաջորդ մը ունեցաւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշելով, թէ ինք երբեք չէր կարող երեւակայել, որ իր կեանքին մէջ այդպիսի բան մը պատահէր։ Ան ապա աղօթք խնդրեց իրեն համար. «Աղօթեցէք ինծի համար որպէսզի ըլլամ քրիստոնեայ եւ ոչ թէ հեթանոս Քահանայապետ մը, թող Տէրը ինծի տայ շնորհքը ապրելու որպէս քրիստոնեայ եւ օգնելու Եկեղեցիին, որ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ