Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Հարաւային Սուտանի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Հարաւային Սուտանի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եթէ պակսի պատերազմը կեցնելու քաջութիւնը աշխարհը դէպի անդունդ կ՝երթայ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ Ափրիկէի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ կիսեց իր ունեցած մտահոգութիւնները աշխարհի նկատմամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսեան միաբանութեան պատկան La Civiltà Cattolica պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսաւ, միեւնոյն պարբերաթերթի տնօրէն հայր Անթոնիօ Սփատարոյի ստորագրութիւնը կրող յօդուածը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Քոնկոյի եւ Հարաւային Սուտանի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին

Հայր Սփատարօ յօդուածին մէջ նշեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին խօսեցաւ աշխարհի մէջ տեղի ունեցած պատերազմներու մասին՝ Սուրիոյ, Մայանամրի, Լատին Ամերիկիոյ, Ուքրանիոյ մէջ, նկատել տալով որ եթէ պակսի պատերազմը դադրեցնելու քաջութիւն, աշխարհը դէպի անդունդ կ՝երթայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտած է, որ պատերազմներու հիմնական հարցը զէնքերու կառուցումն է, աշխարհի մը ուր անօթութիւն կը տիրէ։ Գրած է հայր Սփատարօ աւելցնելով Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձած է բնապահպանական նիւթերուն դիտել տալով, որ Քոնկոն երկրագունդի երկրորդ թոքն է Ամազոնէն ետք։

Հայր Սփատարօ ապա ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին հարաւային Սուտանի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ ունեցած հանդիպումին մասին գրեց թէ Ի հարաւային Սուտանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Ճուպային մէջ հանդիպեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան 11 քահանաներու հետ, որոնց հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, որ Ափրիկէն պէտք է աճի, պէտք չէ որ չարաշահուի ու հեռու մնայ կաշառակեր քաղաքական գործիչներէն ունենալով բարի եւ իմաստուն անձեր որոնց նապատկն է կը զարգացնել իրենց հայրենիքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսսեան միաբանութեան անդամներու հետ կիսեց իր ունեցած մտահոգութիւնները աշխարհի նկատմամբ յանձնարարելով սինոդական քննարկում կատարել այցելած երկիրներու մէջ որպէսզի պաշտպանուին ապօրինի շահագործումներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/02/2023, 12:31