Ստեղծագործօրէն արձագանքել դարաշրջանի մարտահրաւէրներուն. Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ Փետրուար 17ին ընդունեց Անարատ Յղութեան Կղերիկոսներու Միաբանութեան Ընդհանրական Ժողովի մասնակիցները՝ Միաբանութեան հիմնադրման 350ամեակի կապակցութեամբ, որուն հիմնադիրն է Սուրբ Սթանիսլաօ:
Ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Պապը նկատել տուաւ Միաբանութեան հիմնադրումի դժուար ու երկար ընթացակարգը, յատուկէն ընդգծելով, որ Սուրբ Սթանիսլաօ սակայն հաստատակամ գտնուեցաւ իր նպատակին առջև՝ վստահելով Սուրբ Հոգիին:
Սէր Մարիամ Աստուածածնի նկատմամբ
Սրբազան Քահանայապետը ապա իր խօսքը կեդրոնացուց երեք յատկանիշներու վրայ, որոնք կը բնութագրեն Միաբանութեան հիմնադիր Սուրբի և անոր անդամներու հոգեւորութիւնը՝ Սէր Մարիամ Աստուածածնի նկատմամբ, հոգեհանգստեան աղօթք և ուշադրութիւն աղքատներուն:
Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին նշեց թէ. «Հետաքրքիր է տեսնել այն, ինչ Սուրբ Սթանիսլաօ սորվեցուցած է Տիրամօր հանդէպ նուիրուածութեան վերաբերեալ՝ Սուրբ Մարիամի հանդէպ գլխաւոր պաշտամունքը Անոր աւետարանական կեանքը ընդօրինակելն է»:
Հոգեհանգստեան աղօթք
Հոգեհանգստեան աղօթքին անդրադառնալով Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ Միաբանութիւնը բնորոշող այդ հարթութեան մէջ Սուրբ Սթանիսլաօ կը կարևորէր աղօթքն աղքատներու երկու մեծ խումբերու համար՝ ճակատամարտին ինկած զինուորներու և ժանտախտից մահացածներու համար: XVII դարին Եւրոպայի բնակչութեան մօտ 60%-ը զոհ գացած է համաճարակներուն և պատերազմներուն, ուստի անհրաժեշտ էր աղօթել հանգուցեալներու հոգիներու և ընտանիքներու ու համայնքներու մխիթարութեան համար:
Ուշադրութիւն աղքատներուն
Եւ երրորդ յատկանիշը, ըստ Ֆրանչիսկոսի Մարիամական Կղերիկոսներու ուշադրութիւնն է աղքատներուն, յատկապէս աջակցութիւնը ծխական քահանաներուն՝ արձագանքելու ժամանակի որոշ լուրջ խնդիրներուն:
Սրբազան Քահանայապետը, ասկէ մեկնելով, խրախուսեց ներկաներուն շարունակել ստեղծագործօրէն արձագանքել դարաշրջանի մարտահրաւէրներուն եւ չյուսահատուել դիմադրութիւններու կամ դժուարութիւններու հանդիպելիս:
Պահպանել հաւատարմութիւնը սեփական ակունքներուն
Ան կոչ ըրաւ նաև պահպանել հաւատարմութիւնը սեփական ակունքներուն՝ չդադրիլ բաց ըլլալ աշխարհիկներու հանդէպ, պաշտպանել կեանքը՝ բեղմնաւորումէ մինչև մահ, ուշադրութիւն յատկացնել անտեսուածներու հանդէպ, ինչպէս նաև ընտանիքներուն:
Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բի կոչը՝ մեծարելու Անարատ Յղութիւնը
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց երեք Մարիամական տիտղոսներով, որոնցով, ինչպէս ինք ըսաւ «Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ հրաւիրած է ձեզ մեծարել Անարատ Յղութիւնը».
• Մարիամ «Իմաստութեան կեդրոն», որպէսզի ձեր աւետարանական վկայութիւնը ըլլայ հաստատակամ և ամուր:
• Մարիամ «Մխիթարիչ տառատպեալներու», որպէսզի մեր ժամանակի մարդը սէր և հասկացողութիւն գտնէ ձեր մէջ՝ ձգտելով դէպի Աստուած ձեր բարեգործութեան և անձնուրաց ծառայութեան միջոցաւ:
• Մարիամ «Գթասրտութեան մայր», որպէսզի հարուստ ըլլաք մայրական կարեկցութեամբ Քրիստոսի արեամբ փրկուած և ձեզ վստահուած հոգիներու հանդէպ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ