Ֆրանչիսկոս Պապ. Սուրբ Աթոռի գոյքերը ունին համընդհանուր նպատակակէտ: Կազմակերպութիւնները և հաստատութիւնները հոգաբարձուներ են եւ ոչ թէ սեփականատէրեր
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի անշարժ և շարժական գոյքերը ունին «համընդհանուր նպատակակէտ», և զանոնք ձեռք բերած կամ գրանցած հաստատութիւններն ու մարմինները «հոգաբարձուներ են», եւ ոչ թէ «մասնաւոր սեփականատէրեր, որոնք գործած ու կը շարունակեն գործել Սրբազան Պապին իշխանութեան ներքոյ եւ Անոր անունով։
Ֆրանչիսկոս Պապը այս մէկը շեշտեց Փետրուար 20-ին ստորագրած, բայց այսօր հրապարակուած իր «Բնածին օրէնք» վերտառութեամբ Ինքնագիր նամակին մէջ, յղում կատարելով Կանոնական իրաւունքի 1254 և 1255 կանոններուն, ու պարզաբանելով` Սուրբ Աթոռին հետ կապուած հոգևոր հաստատութիւններու և կազմակերպութիւններու կողմէն ձեռք բերուած գոյքերու հասարակական եկեղեցական բնոյթը։
Սուրբ Աթոռի բնածին իրաւունքը
«Սուրբ Աթոռի բնածին իրաւունքը, անկախ քաղաքացիական իշխանութենէն, ժամանակաւոր գոյքեր ձեռք բերելու գործիքներէն մին է, որը` հաւատացեալներու աջակցութեամբ ու նաեւ խելամիտ վարչակազմի և համապատասխան վերահսկողութեան աջակցութեամբ կ՛ապահովէ Առաքելական Աթոռի կարողութիւնը գործելու պատմութեան մէջ, ժամանակի ընթացքին` եկեղեցւոյ պատկանող նպատակներուն համար և անկախութեամբ, որ անհրաժեշտ է անոր առաքելութեան իրականացումին համար», կը կարդանք Պապական փաստաթղթին մէջ։
Քահանայապետական այս նամակը չի փոխեր լիազօրութիւնները և նոր կանոններ չի թելադրեր, բայց կը վերահաստատէ հիմնական սկզբունքը, որ կը վերաբերի գոյքերու հանրային բնոյթին և հոգևոր հիմնարկներու և յարակից մարմիններու դերին. «Բոլոր գոյքերը՝ շարժական և անշարժ, ներառեալ իրացուելի գոյքերը, որոնք ձեռք բերուած կամ ձեռք կը բերուին Սուրբ Աթոռին միացած հոգևոր հաստատութիւններու և կազմակերպութիւններու կողմէ, եկեղեցական հասարակական գոյքեր են և, որպէս այդպիսին, կը պատկանին Սուրբ Աթոռին,
անկախ քաղաքացիական իշխանութիւնէն» կը հաստատուի ինքնագիր նամակի առաջին պարբերութեան մէջ։
Ուստի ոչ մէկ հաստատութիւն կամ մարմին կարող է Սուրբ Աթոռին պատկան գոյքերը յայտարարել որպէս սեփականութիւն, տրուած ըլլալով, որ ան գործեց ու կը գործէ միշտ յանուն անոր եւ որպէս անոր ներկայացուցիչը։
Այս սկզբունքը նպատակ ունի ուղեցոյց ըլլալ Սուրբ Աթոռի բոլոր գործողութիւններուն համար և հրաւէր է բոլորին` ձգտելու ընդհանուր բարիքին եւ պատասխանատուութեան` թէ ինչ կը պահանջէ եկեղեցական հասարակական գործերու մատակարարումը, յիշեցնելով, թէ որն է Սուրբ Աթոռին ժամանակաւոր բարիքներու նպատակը, որոնք Եկեղեցւոյ հասարակական բարիքներ են, զոր անքակտելիօրէն ուղղուած ու նախատեսուած են անոր նպատակները իրականացնելու համար եւ ոչ միայն այդ հաստատութեան` որուն անոնք վստահուած են»։
Սոյն դրոյթը մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ «Praedicate Evangelium» առաքելական սահմանադրութեամբ նախանշուած բարեփոխումներու և անոնցմէ առաջ տնտեսական և վարչական բարեփոխումներու երկարատև գործընթացին:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ