Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ․ Ձայն տալ անլսուած տառապանքներուն

Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Հռոմի Թեմի Հովուական Առողջապահական Գրասենեակի Բժշկական Բաժանմունքի ներկայացուցիչները՝ Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան առթիւ։

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Կը հանդիպինք Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան առթիւ, որուն թեման այս տարի, սինոդալ գործընթացի ծիրէն ներս, «Խնամէ զինք» (Ղուկաս 10:35) աւետարանական կարգախօսն է։ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս խօսքերով սկսաւ Հռոմի Թեմի Հովուական Առողջապահական Գրասենեակի Բժշկական Բաժանմունքի ներկայացուցիչներուն ուղղուած իր ելոյթը՝ ընդունելով զանոնք Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճէն ներս՝ այսօր՝ 9 Փետրուարին։

«Տառապողի զգայունութիւնը տառապողի նկատմամբ» կը ծնի համերաշխութիւն և յոյսի պատմութիւն

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ Բարի Սամարացին պանդոկապետին կը վստահի այն վիրաւոր անձը, որուն օգնած էր և հրաւիրեց մտածել այդ տեսարանի մասին․ ճամբուն եզրին պառկած վիրաւոր անձ մը, որուն վրայ աւազակները յարձակած են, անցորդներու անտարբերութիւնը և մէկ մը, Բարի Սամարացին, որ կանգ կ’առնէ և կ’օգնէ։

«Տառապողի զգայնութիւնը տառապողի նկատմամբ» կը ծնի համերաշխութիւն և յոյսի պատմութիւն, որ կը քանդէ վախի և մեկուսացումի պատերը, յաւելեց Սրբազան Պապը՝ նկատել տալով, որ եթէ ուշադիր ըլլանք կը տեսնենք, որ սամարացին ևս կը տառապի, ան կը տանջուի անցորդներու արհամարհական հայեացքը անցանկալի օտարերկրացու հանդէպ տեսնելով:

Ֆրանչիսկոս Պապը ապա նշեց երեք մօտեցումներ, որ կարևոր համարեց «Աստուծոյ Խօսքի լոյսի ներքոյ» այդ ճանապարհին համար.

Առաջին․ մօտ ըլլալ անոնց, որոնք կը տառապին։ Ունկնդրել, սիրել և ողջունել՝ սորվելով եղբօր ցաւը առաջնահերթ նկատելու, որ կը ստիպէ կանգ առնել և առաջ չ’երթալ։ «Միասին քալելը մեզ բոլորիս կ’օգնէ ըմբռնել կեանքի ամենաիսկական իմաստը, որն է սէրը», ընդգծեց այնուհետև Քահանայապետը։

Երկրորդ՝ ձայն տալ չանսացող տառապանքներուն, անոնց, որ հիւանդութեան ատեն մինակ կը մնան, առանց ֆինանսական և բարոյական աջակցութեան, քանի որ նման պարագային դիւրին է յուսահատուիլ և կորսնցնել հաւատքը։ Հիւրընկալենք տառապողներու աղաղակը և զայն լսելի դարձնենք, շարունակեց իր միտքը Նորին Սրբութիւնը։

Երրորդ՝ դառնալ գթութեան գրաւիչ թթխմոր: Այլ կերպ ըսած՝ «ստեղծել համացանց»՝ կիսելով անհատոյց և փոխադարձութեան ոճ, քանի որ «բոլորս ալ կարիքաւորներ ենք, և բոլորս ալ կրնանք տալ և ստանալ, թէկուզ պարզապէս ժպիտ», որ մեր շուրջը «ցանց» կը ստեղծէ, բայց ոչ թէ որսալու, այլեւ մեզ ազատելու համար։ Ցանց՝ կազմուած սեղմուած ձեռքերով, միասին աշխատող բազուկներով, աղօթքի և կարեկցանքի մէջ միաւորող սրտերով, որ նոյնիսկ ամենակատաղի ալիքներու մէջ կը լայննայ, բայց չպատռուիր և կը փրկէ խեղդուելու վտանգէն, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը։

Ան ապա յորդորեց չվհատիլ և դժուարութիւններու ժամանակ յիշել Բարի Սամարացիի խօսքերը՝ «Խնամէ զինք»։ Տառապողի դէմքով Յիսուսը կը նայի ձեզ, որ կ’ուզէ կիսել մեր թուլութիւնը և Անոր մէջ է, որ ուժ կը գտնենք չյանձնուելու նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն:

«Վերջին խօսքս ձեզ համար է, հիւանդ եղբայրներ և քոյրեր: Հաւատքով ապրած ձեր տառապանքն է մեզ այսօր համախմբած այստեղ: Ձեր դիւրաբեկութեան մէջ դուք մօտ էք Աստուծոյ սրտին», շեշտեց աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը և իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլորին:

                        

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2023, 12:35