Պենետիկտոս ԺԶ երջանկայիշատակ Քահանայապետին հրաժարականի տասներորդ ամեակը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
11 փետրուար 2013ին, իր գումարած կարդինալական խորհրդաժողովին ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անակնկալ կերպով եւ աննախընթաց քայլ մը կատարելով ժողովականներուն յայտարարեց իր կամքը` յառաջացած տարիքի բերումով (85 տարեկան) ու եկեղեցւոյ բարիքին համար, փետրուար 28էն սկսեալ հրաժարելու Սուրբ Պետրոսի գահէն։
Այդ օրէն անցած են տասը տարիներ եւ անցեալ տարուայ վերջին օրը 31 դեկտեմբերին Աստուծոյ այգիին մէջ այդ խոնարհ ծառան կը հեռանար այս աշխարհէն Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ յանձնելով իր Հոգին։
Կից կը ներկայացնենք 11փետրուար 2013-ին Պենետիկտոս ԺԶ-ին արտասանած խօսքերը
''Սիրեցեալ եղբայրներ, այս խորհրդաժողովին ձեզ հրաւիրեցի ոչ միայն միասնաբար քննարկելու երանելիներու սրբադասումը այլ նաեւ ձեզի հաղորդելու, եկեղեցւոյ կեանքին հայող, շատ կարեւոր որոշում մը։
Զանազան անգամներ Աստուծոյ առջեւ քննարկելէ ետք խիղճս, հասայ այն համոզումին որ` ուժերս, յառաջացած տարիքի բերումով, այլեւս ատակ չեն պատշաճ կերպով կատարելու ինծի յանձնուած պաշտօնը։
Գիտակից եմ, որ այս պաշտօնը իր հոգեւոր բնութեամբ, պէտք է կատարուի ոչ միայն գործերով եւ խօսքերով, այլ ոչ նուազ նաեւ` չարչարուելով եւ աղօթելով: Յաճախակի փոփոխումներու ենթարկուած, եւ հաւատքի կեանքի մեծ նշանակութիւն ունեցող հարցերով վրդոված ներկայ աշխարհին մէջ, Սուրբ Պետրոսի նաւը կառավարելու համար եւ Աւետարանը հռչակելու համար անհրաժեշտ է նաեւ կենսունակութիւնը, ըլլա՛յ մարմնի, ըլլա՛յ հոգիի, կենսունակութիւն մը, որ վերջին ամիսներուն մէջս նուազեցաւ այնպէս որ ընդունեցայ, իմ անկարողութիւնս, լաւապէս կարենալ մատակարարելու համար ինծի վստահուած պաշտօնը''։
Սրբազան Հայրը Ապա աւելցուց.
''Գիտակից այս որոշումի կշիռքին, ազատ կամքով, կը յայտարարեմ հրաժարիլ Հռոմի եպիսկոպոսի` Սուրբ Պետրոսի յաջորդի պաշտօնէն` որ ինծի վստահուեցաւ 19 ապրիլ 2005-ին կարդինալներու կողմէն։ Այնպէս որ յառաջիկայ 28 փետրուար 2013-ի, ժամը 20էն սկսեալ Ս. Պետրոսի աթոռը թափուր կը մնայ։ Առ այդ` պէտք է գումարուի կարդինալներու ժողով մը նոր քահանայապետի ընտրութեան համար։''
Նորին Սրբութիւնը ապա կարդինալական դասին շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն անձին հանդէպ ցուցաբերած սիրոյն եւ համագործակցութեան այս ծանր առաքելութիւնը յառաջ տանելու համար ու աւելցուց. ''ներողութիւն կը խնդրեմ իմ բոլոր դերութիւններուս համար''։
«Այժմ Եկեղեցին վստահինք անոր Գերագոյն Հովիւին` Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին, ու հայցենք Անոր Մօր` Մարիամէն, որ իր մայրական բարութեամբ ընկերանայ Կարդինալ Հայրերուն, ընտրելու` նոր Սրբազան Քահանայապետը։
Գալով ինծի, ապագային նաեւ, կ՛ուզեմ ամբողջ սրտով ծառայել Աստուծոյ Սուրբ Եկեղեցիին` աղօթքի նուիրուած կեանքով»։
Տուեալ ի Վատիկան 10 փետրուար 2013
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ