Իտալիոյ Թեմերու Եղբայրակցութիւններու համադաշնութեան անդամները Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 16 Յունուար 2023-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Թեմերու Եղբայրակցութիւններու համադաշնութեան անդամներուն։
Իտալիոյ Թեմերու Եղբայրակցութիւններու համադաշնութիւնը
Համադաշնութիւնը ստեղծուած է 2000 թուականի Յոբելենական տարին շրջագիծէն ներս եւ քսան տարիներէ կը շարունակէ հիւրընկալութեան, աջակցութեան իր գործունէութիւնը եւ որ 2025ին պիտի տօնախմբէ իր հիմնադրութեան 25 ամեակը, այդ տարուան մէջ կայացող նոր Յոբելենական տարւոյն շրջանագիծէն ներս որուն բնաբանն է «Յոյսի ուխտաւորներ»։
Անոնց հետ հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապը ընդգծեց համադաշնութեան կարեւոր գործունէութիւնը ու անոնց Յոբելենական տարւոյն նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս կարեւոր ու զօրեղ դերակատարութիւնը, ի տես անոնց համայն Իտալիոյ տարածքին վրայ ունեցած Եղբայրութիւններուն։
Ստեղծագործական յանձնառութիւն
Քահանայապետը մէջբերեց ապա Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին «Lumen gentium» սահմանադրութեան հատուածը հայող Եկեղեցւոյ մէջ աշխարհականներու առաքելութեան. «անոնք կանչուած են Աստուծմէ, որպէսզի ներքինէն, խմորիչի նման, սատարեն աշխարհի սրբադասումին» ըսաւ Ան մէջբերելով ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մէկ խօսքը ուղղուած Եղբայրակցութիւններուն ու անոնց աւետարանումի ծիրէն ներս կարեւոր դերակատարութեան եւ ասկէ մեկնելով քաջալերեց զանոնք «ստեղծագործական յանձնառութեամբ մշակելու ընկերակցութեան կեանքը եւ անոնց եղբայրասէր ներկայութիւնը», ներշնչուած եւ ոգեւորուած Սուրբ Հոգիի շնորհներով, բաց ըլլալով նորութիւններուն ու ապագային, բաց ըլլալով Աստուծոյ անակնկալներուն։
Երեք գլխաւոր ուղիներ
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը թելադրեց անոնց ուղեւորութեան համար երէք գլխաւոր ուղիներ` աւետարանականութիւն, եկեղեցականութիւն եւ միսիոներականութիւն, որ ամփոփեց երեք ուղիներու մէջ. «քալելով Քրիստոսի հետքերուն վրայ», «քալելով միասին», «քալելով Աւետարանը քարոզելով»։
Քալել Քրիստոսի հետքերուն վրայ, քալել միասին, քալել հռչակելով Աւետարանը
Ձեզ կը խրախուսեմ ձեր կեանքին մէջ մշակելու Քրիստոսին կեդրոնականութիւնը, առօրեայ Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեամբ, մասնակցելով կազմաւորումի պահերու, յաճախելով ու մասնակցելով Խորհուրդներու մատակարարման, անձնական աղօթքի կեանքի միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա թելադրեց` «Քալել միասին», հիմնուած Եղբայրակցութիւններու պատմական սիւնհոդոսական փորձառութեան վրայ, հրաւիրելով զանոնք, որ հանդիպումները չկատարեն լոկ «վարչական» բնոյթի հիման վրայ, այլ անոնք ըլլան ամէնէ առաջ Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ունկնդրութեան վայրեր, եղբայրական ունկնդրութեան վայր, յատկանշուած աղօթքի եւ անկեղծ սիրոյ մթնոլորտով»։
«Միայն այսպէս կարելի պիտի ըլլայ գտնել ծառայութեան եւ աւետարանումի նոր ուղիներ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը եւ ակնարկեց երրորդ ոլորտին` այն է «քալել միասին հռչակելով Աւետարանը», հաւատքի վկայութեամբ եւ եղբայրներու հոգատարութեամբ», «վառ պահելով իրենց ծառայութեան եւ առաքելութեան շնորհապարգեւը» եւ «ստեղծագործութեամբ ու քաջութեամբ պատասխանելով ժամանակակից պահանջներուն»։
Ըլլալ Աստուծոյ սիրոյ եւ քնքշութեան միսիոնարներ
«Աւետարանականութիւն, եկեղեցականութիւն և առաքելութիւն. Ասոնք ենք, սիրելի եղբայրներ և քոյրեր երեք բառերը, որ այսօր ձեզի կը վստահիմ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգելով անոնց հրաւէրը ըլլալու «Աստծոյ սիրոյ և քնքշութեան միսիոներներ [...] միսիոնարներ Աստուծոյ ողորմածութեան, որ միշտ կը ներէ մեզ, որ միշտ մեզ կը սպասէ ու մեզ մեծապէս կը սիրէ»: (Խօսք Եղբայրակցութիւններու և ժողովրդական բարեպաշտութեան օրուայ առիթով, 5 մայիս 2013): Ապա բոլոր ներկաները յանձնեց Աստուածամօր հովանիին անոնց շնորհելով իր օրհնութիւնները ու յանձնարարելով` չմոռնալ իրեն համար աղօթելու:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ