Որոնել

2021.05.01 Volto di Gesù Cristo

«Աստուածային հիւսուածքը», Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի նոր գիրքը Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով։

«Այս տագնապալից ժամանակներուն, մենք պէտքը ունինք զօրեղ պատկերներու եւ պատմութիւններու, գրողներու, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու` որոնք ի վիճակի են աշխարհին բղաւել աւետարանական պատգամը, կարող` մեզի ցոյց տալու Յիսուսը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր 14 Յունուար 2023ին հրապարակուեցաւ Յիսուսեաններու "La Civiltà Cattolica" պարբերաթերթի տնօրէն` Հայր Անթոնիօ Սփատարոյի «Աստուածային հիւսուածքը» վերտառութեամբ նոր հատորը, որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը։

«Մարդ մը կը քալէ քաղաքներու եւ գիւղերուն մէջ, կը հանդիպի մարդոց, ու կ՛ընթանայ դէպի իր նպատակակէտը` Երուսաղէմ։ Ան կը սորվեցնէ դիմագրաւել համոզումները, չ՛իյնալ սովորութիւններու թակարդին մէջ, եւ կեանքին տալ համ լեւ իմաստ….Ի՞նչպէս նկարագրել այս «անձնաւորութիւնը» որ փոխեց աշխարհին պատմութիւնը։ Չկայ պատմութիւն առանց հիւսուածքի։ Աստուած մուտք գործեց մարդկութեան իրադարձութիւններու հիւսուածքին մէջ պատմութեամբ մը, զոր կարելի է պատմել...Յիսուս արդարեւ կը յուզուի, կը մօտենայ, կը դպչի մահուան ու ցաւին զանոնք փոխակերպելով կեանքի».... «Սորվինք աւետարանական էջերու վրայ կուտակուած փոշին վերցնել եւ վերագտնենք բուռն համը։ Այս է ուղեւորութիւնը որուն կանչուած ենք. լսենք երանութիւններն արտասանողի, ամբոխի մէջ հացը բաժնողի, հիւանդները բժշկողի, մեղաւորներուն ներողի, հարկահաւաքներու հետ սեղան նստողի ձայնը»։ Այսպէս կը գրէ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հայր Սփատարոյի գիրգին նախաբանին մէջ, հրաւէր ուղղելով Հետեւելու Յիսուսին եւ երբեք չի կորսնցնելու «Յիսուսին հետ հանդիպելու հուրը»։

Սրբազան Պապը կը հրաւիրէ նաեւ խոկալ եւ խորհրդածել Սուրբ Ինգնատիոս Տէ Լոյոլայի աւանդութեան հետեւելով այսինքն աչքերը փակել եւ երեւակայել տեսարանները եւ անձնաւորութիւնները, որոնք գործի լուծուած են… այսպիսով «Յիսուսին պատմութիւնը կը մտնէ մեր պատմութեան մէջ….Յիսուսին պատմութիւնը կը միանայ մարդոց եւ կիներու պատմութեան եւ կը զարթնեցնէ ու կը զօրացնէ թաքնուած ուժականութիւնը….», կը գրէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը։

«Այս տագնապալից ժամանակներուն, մենք պէտքը ունինք զօրեղ պատկերներու եւ պատմութիւններու, գրողներու, բանաստեղծներու, արուեստագէտներու` որոնք ի վիճակի են աշխարհին բղաւել աւետարանական պատգամը, կարող` մեզի ցոյց տալու Յիսուսը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2023, 09:00