Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը Սենեկալի Քաֆրին քաղաքին մէջ պատահած հանրակառքերու ծանր արկածին ի լուր։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 10 յունուարին, Վատիկանի պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Սենեկալի հանրապետութեան նախագահ, տիար Մաքի Սալլիին, Քաֆրին քաղաքին մէջ պատահած ճանապարհային ծանր արկածի ի լուր
«Իմանալով, կիրակի 8 յունուարին, Քաֆրին քաղաքին մէջ պատահած ծանր ճանապարհային արկածի լուրը, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կը միանայ համայն երկրին ընտանիքներու սիրելիներուն մահուան սուգին, մօտիկ գտնուելով անոնց ու աղօթելով որպէսզի Ամենակալը ընդունի մեռեալները իր խաղաղութեան եւ լոյսի մէջ ու մխիթարութիւն եւ յոյս ներշնչէ ծանր արկածի թիրախ բոլոր անձերուն», նշուած է ցաւակցական գիրին մէջ։
Յայտնենք, թէ Սենեկալի Տաքար մայրաքաղաքէն 250 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Քաֆրին քաղաքին մէջ անցեալ, 8 յունուարին, կիրակի օր, տեղի ունեցաւ երկու հանրակառքերուն միջեւ ծանր արկած մը, որուն պատճառով արձանագրեցուեցան 40 զոհեր ու 87 վիրաւորներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ