Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդներուն. «Ձեր սիրտերը բացէք եւ հորիզնով մը ապրեցէք»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեց Լիզպոնի մէջ երիտասարդաց համաշխարհային օրուան մասնակցութեան պատրաստուող երիտասարդներուն։
Լիզպոնի մէջ կայանալիք երիտասարդներու համաշխարհային օրուան ի տես, Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց, որուն մէջ իր զարմանքն ու շնորհակալութիւն յայտնեց արդեն հաւաքին աւելի քան 400 հազար երիտասարդներու արձանագրութեան համար, քաջալերելով երիտասարդները իրենց սիրտերն ու հորիզոնները բանալու ու իրենց կեանքի դիմաց պատնէշները վերացնելու։
Լսատեսողական պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.
«Սիրելի երիտասարդներ կը մօտենանք՝ նոյնիսկ եթէ կը պակսին մի քանի ամիսներ, երիտասարդներու համաշխարհային օրուան, որ արդեն արձանագրուած են աւելի քան 400 հազար երիտասարդներ։
Ինքզինքս զարմացած եւ ուրախ կը զգամ այսքան բազմաթիւ երիտասարդներու մասնակցութեան համար, որոնք կարիքը ունին մասնակցելու։
Կարգ մը անձեր պիտի ըսեն «զբօսաշրջութեան համար կ՝երթանք»։ Սակայն երիտասարդները, որ կը մասնակցին հիմնականին մէջ ծարաւը ունին մասնակցելու, կիսելու, իրենց պատմութիւնը պատմելու եւ ստանալու ուրիշին փորձառութիւնը։ Ծարաւը ունին հորիզոններու։
Դուք աւելի քան 400 հազար երիտասարդներ, որ արդեն արձանագրուած էք, ունիք ծարաւը հորիզոնի։ Այդ հանդիպումին ժամանակ, այդ օրը կը սորվինք միշտ հորիզոնին նայելու, անդին նայելու։
Մի կառուցէք պատնէշներ ձեր կեանքին առջեւ։ Պատնէշները ձեզ կը փակեն, Հորզիզոնը ձեզ կ՝աճեցնէ։ Միշտ հորիզոնին նայեցէք՝ աչքերով, յատկապէս սիրտով։ Բացէ՛ք ձեր սիրտերը՝ այլ մշակոյթներուն, երիտասարդ, երիտասարդուհիներուն, որոնք իրենք նաեւ կը մասնակցին այդ օրուան։
Պատրաստուեցէք բանալու ձեր սիրտերն ու հորիզոնները։ Շնորհակալ եմ ձեր արձանագրութեան համար։ Կը յուսանք, որ նաեւ ուրիշները հետեւին ձեր օրինակին։ Թող Աստուած ձեզ օրհնէ եւ Տիրամայրը ձեզ պաշտպանէ։ Աղօթեցէք ինծի համար եւ ես կ՝աղօթեմ ձեզի համար ու մի մոռնաք, ո՛չ պատնէշներուն, Այո՛ հորիզոններուն։ Շնորհակալութիւն»։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը լսատեսողական պատգամին մէջ ուղղուած Լիզպոնի մէջ երիտասարդաց համաշխարհային օրուան պատրաստուող երիտասարդներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ