Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ  Հռոմի առաքելական դատարանի անձնակազմը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Հռոմի առաքելական դատարանի անձնակազմը   (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Յաւերժ սէրը ցնորք չէ, ընտանիքին մէջ Աստուած ունի իր տունը»։

Հետեւելով Քրիստոսին, որ աշխարհ եկաւ ծառայելու համար, եկեղեցին ընտանիքին մատուցած ծառայութիւնը կը համարէ իր ամէն կարեւոր պարտականութիւններէն մէկը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 27 յունուարին, եկեղեցական ատեանի տարեշրջանի բացման առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Հռոմի առաքելական դատարանի նախագահն ու անձնակազմը։

Հանդիպումի ընթացքին արտասանած ճառին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց եկեղեցւոյ, հաւատացեալներու մատուցած ծառայութեան համար, մասնաւորապէս ամուսնութեան վերաբերող դատական շրջանակներէն ներս։

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացնելով ամուսնութեան վրայ յարեց թէ «Եկեղեցին Տիրոջմէ ստացաւ բարի լուրը՝ աւետելու առաքելութիւնը, որ նաեւ կը լուսաւորէ եւ կը զօրակցի այն մեծ խորհուրդը, որ է ամուսնական եւ ընտանեկան սէրը։ Հետեւելով Քրիստոսին, որ աշխարհ եկաւ ծառայելու համար, եկեղեցին ընտանիքին մատուցած ծառայութիւնը կը համարէ իր ամէն կարեւոր պարտականութիւններէն մէկը ու այս իմաստով, ըլլայ մարդը, ըլլայ ընտանիքը կը կազմեն եկեղեցւոյ ուղին»։Ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդգծեց, թէ ամուսնութիւնը Յայտնութեան համաձայն, արարողութիւն մը չէ, ոչ ալ ընկերային ձեռնարկ մը կամ վերացական գաղափար մը, ամուսնութիւնը ճշգրիտ հետեւողականութեամբ իրականութիւն է։
Ամուսնութիւնը Աստուծոյ շնորհքն է, բարիք մը բոլորին համար, արտասովոր բարիք մը, տարածուող բարիք, որ կը հրապուրէ երիտասարդները՝ ուրախութեամբ պատասխանելու ամուսնութեան կոչումին, որ կը սփոփէ եւ շարունակաբար ուրախութիւն կը պատաճառէ պսակեալներուն ու բազմաթիւ տարբեր պտուղներ կը բերէ եկեղեցական հաղորդութեան եւ քաղաքացիական ընկերութեան մէջ։

Նորին Սրբութիւն մատնանշեց, թէ Փրկութեան քրիստոնէական ծրագիրին մէջ ամուսնութիւնը նախ եւ առաջ գլխաւոր ուղին է սրբութեան՝ պսակեալներէն սկսեալ, կեանքի առօրեայի մէջ ապրուած սրբութիւն մը, որ ընտանիքին աւետարանի էական մասը կը կազմէ։

Անդրադառնալով ամուսնութեան տագնապներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց որ ամուսնութեան տագնապը դիմագրաւելու եւ վերացնելու համար հիմնական է վերանորոգել ամուսնութեան խորհուրդին մէջ ստացած պարգեւին գիտակցութիւնը, որ շնորհքի աղբիւր է եւ որուն վրայ կարելի է վստահիլ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եկեղեցական դատարանի անձնակամը քաջալերեց իրենց մէջ միշտ սնուցանելու երախտագիտութեան հոգին, Աստուծոյ պարգեւներուն համար այսպիսով իրենք եւս պիտի կարենան օգնել ուրիշներուն, իրենց կեանքի մէջ Աստուծմէ սնանելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, խնդրեց սուրբ Հոգիին պարգեւներրը ամուսնութեան ճշմարտութեան ծառայութեան վրայ, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2023, 11:56