Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «ԸՆկերային ծառայութիւն» միաբանութեան անդամ մայրապետները Ֆրանչիսկոս Պապ եւ «ԸՆկերային ծառայութիւն» միաբանութեան անդամ մայրապետները  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ընկերային մարտահրաւէրները դիմակայել բարեգործութեան զէնքով»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը ընկերային ծառայութեան միաբանութեան մայրապետներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 20 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ընկերային ծառայութեան» քոյրերը, միաբանութեան հիմնադրութեան դարադարձին առիթով։ Հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը գրաւոր պատգամ մը յանձնեց, որուն մէջ իր ուրախութիւնը յայտնած է յիշեալ միաբանութեան հիմնադրութեան առաջին դարադարձի ձեռնարկին համար, որ «նշուեցաւ Սուրբ Պետրոսին դամբարանին մօտ»։ Գրած է Սրբազան Հայրը, Ան ապա նշած է, որ անհատներու կողմէ ստացուած պարգեւները կը փճանան ու կը հիննան՝ մինչ Սուրբ Հոգիին պարգեւները ունին միշտ նոր կեանք մը ժամանակի եւ վայրի ամէն շրջանակներէն ներս, որ կը վերածնին ու կը նորոգուին մնալով հաւատարիմ իրենց արմատներուն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեց միաբանութեան հիմնադիր, քոյր Մարկիթ Սլաշթան, որ ողջակիզումի ժամանակ իր միաբանութեան անդամներուն հետ միասին զօրաւիգ կանգնեցան հրէաներուն, վտանգելով նոյնիսկ իրենց կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց, թէ ճշմարտութիւնն է այն իրողութիւնը, որ բազմաթիւ մարտիրոսներ կը մահանան, ոչ թէ Աստուծոյ պաշտամունքին համար իրենց ազատութեան մերժումի պատճառաւ, այլ իրենց վրայ հաւատքի կողմէ պարտադրուած կեանքի հետեւողականութեան համար՝ հետեւաբար ազատութեան պաշտպանութեան, արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար։ ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով, որ այդ առնչութեամբ առաջին վկան Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչն է։

Նորին Սրբութիւնը ապա յարեց, որ Աստուծոյ քաջալերանքով ընկերային ծառայութեան միաբանութիւնը հիմնուեցաւ անցեալ դարուն սկիզբը՝ երբ ընկերային փոփոխութիւնները յատկանշուած էին համաշխարհային պատերազմներով ու դժուար ժամանակներով։ Սակայն ըսաւ Սրբազան Հայրը ներկայ ժամանակները եւս լի են դժուարութիւններով, հրաւիրելով մայրապետները լսելու իրենց միաբանութեան հիմնադիր քոյր Մարկիթի քաջալերանքը եւ զօրակցութեան խօսքերը, դիմակայելու համար ներկայ ժամանակուան ընկերային ճգնաժամերը, ինչպէս տեղի ունեցաւ Նացիական ժամանակ, եղբայրսիրութեան միակ զէնքով։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է քաջալերելով մայրապետները, հետեւելու Սուրբ Հոգիին եւ եկեղեցւոյ հրաւէրին՝ կեանքը նուիրելու ուրիշներուն, որ միակ ամենամեծ սէրն է։ Թող Աստուած մեզի ուժ տայ դառնալու այս սիրոյ, ճշմարտութեան եւ արդարութեան վկաները, ըսաւ Սրբազան Հայրը, հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը բոլորին վրայ ու Տիրամօր հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2023, 10:49