Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Սպանիոյ թեմի քահանաներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Սպանիոյ թեմի քահանաներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պարսելոնայի թեմէն ներս երիտասարդներուն հովուական ծառայութեամբ զբաղող քահանաները։

«Առաքեալներու փորձառութիւնը միշտ ունի կրկնակի երեւոյթ՝ անձնական եւ հասարակաց, որոնք միասին կ՝ընթանան եւ որոնք չէ կարելի իրարմէ բաժնել։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պարսելոնայի թեմէն ներս երիտասարդներուն հովուական ծառայութեամբ զբաղող քահանաները։

Այս առթիւ քահանաներուն փոխանցած գրաւոր պատգամին մէջ սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումի համար, զոր տեղի կ՝ունենայ ուրախ եւ տօնախմբութեան մթնոլորտին մէջ, ուր «կղերական դասը իր Հովիւին շուրջ, Սուրբ Պետրոսին տունը կը հասնին վերահաստատելու համար իր հաղորդութիւնը ու վերակազմակերպելու իր առաքելական հոգին» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Առաքեալներու փորձառութիւնը միշտ ունի կրկնակի երեւոյթ՝ անձնական եւ հասարակաց, որոնք միասին կ՝ընթանան եւ որոնք չէ կարելի իրարմէ բաժնել։»

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ Պարսելոնայի քահանաներուն նկատել տուաւ, որ անոնք անհատապէս կանչուած ըլլալով հանդերձ միշտ մաս կը կազմեն աւելի մեծ խումբի մը՝ միասնաբար քալելու համար՝ ունկնդրելով խօսելէ առաջ ու իմանալով տեղաւորուիլ հոն ուր կարիքը կայ՝ մէջտեղի մասը, ետեւի մասը, եւ ոչ միայն առջեւի մասը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց թէ «Յիսուս կը կանչէ՝ սկսած աղքատութենէն, դիւրաբեկութենէն ու հարկ է պատասխանել այս կոչումին դարձի մշտնջենաւոր նպատակով, հրաժարելով կրկնակի կեանքէն, աշխարհային գոհունակութեան ձգտումէն, ողջագուրելով խաչը, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ միջնորդութիւնները՝ աղօթքի կեանքն ու սուրբ խորհուրդները։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց քահանաները որոնել եղբայրութիւնը բոլոր ընկերային շրջանակներէն ներս, սորվիլ եւ ուսուցանել բոլորին ընկալելու ու աշխատելու բոլորին հետ եւ որոնել լայն շունչ ունեցող համաձայնութիւն։
.
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը ու Տիրամօր հովանին խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2023, 11:05